image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութահայ Այլին Խաչատուրեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Պէրլինի Կորքի Թատերասրահին Մէջ (Տեսանիւթ)

Պէյրութահայ Այլին Խաչատուրեան  Ելոյթ Պիտի Ունենայ Պէրլինի  Կորքի Թատերասրահին Մէջ (Տեսանիւթ)

Պէյրութահայ երգչուհի Այլին Խաչատուրեան  ելոյթ պիտի  ունենայ  Պէրլինի  «Մաքսիմ Կորքի»  հանրայայտ    թատերասրահին մէջ:  Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  երգչուհիէն, որ ներկայիս   կը գտնուի  Պէունոս Այրէս: Համերգը պիտի կայացուի  յառաջիկայ  22 Ապրիլին,  եւ պիտի ըլլայ Խաչատուրեանի ընկերակցող նուագախումբին ընկերակցութեամբ:  Յիշեցնենք, որ երգչուհիին   «Թիթեռնիկ»  խորագրեալ երգին տեսահոլովակը  (բեմադրիչ՝ Կիլլէս Թարազի)  2015-ին ստացած էր  Նոր Զելանտայի       Միջազգային  KIWI Ֆիլմարուեստի  փառատօնին  առաջին  մրցանակը:  Ան  նաեւ փայլուն  ելոյթ   ունեցած էր  Պոլսոյ մէջ՝  անցնող Սեպտեմբերին «Հրանդ Տինք Հիմնարկ» ի կազմակերպած ամէնամեայ  մրցականաբաշխութեան    եզրափակիչ հանդիսութեան ընթացքին: