Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Քոլոմպիա կատարած այցի ընթացքին անդրադարձած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութեան՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները իրանի յարձակումներուն պիտի պատասխանէ՝ իրանական լցանաւերը խորտակելով։ Լրագրողներու հետ անոր զրոյցի տեսանիւթը տարածած է News24 ալիքը։
«Իրանը կը շարունակէ փորձել հարուածել Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու նաւերը, եւ ամէն անգամ, երբ անոնք փորձեն այդպէս ընել, պիտի կորսնցնեն նաւթատար նաւեր։ Կը կարծեմ՝ դուք այդ մէկուն այսօր կրկին ականատես պիտի ըլլաք», – ըսած է ան։
Այս յայտարարութեան լոյսի ներքոյ՝ Իրանը եւ Միացեալ Նահանգները նոր հարուածներ փոխանակած են։ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարած է, որ պալիսթիք հրթիռներ արձակած է Յորդանանի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ թիրախաւորած է 10 նաւ։
Միացեալ Նահանգներն ալ յայտարարած է, որ խորտակած է իրանական հինգ նաւթատար լցանաւ։