Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ արդէն շարք մը կարեւոր քայլեր կատարուած են։ Ան, որպէս օրինակ, նշած է պետական պաշտօնեաներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումները։
Նախարարը անդրադարձած է նաեւ Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութեան՝ նշելով, որ ատով Հայաստանի համար կը նախատեսուի նոր Սահմանադրութեան ընդունում՝ գործընթացի աւարտի պարունակին մէջ։
«Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ նոյնպէս կը խօսուի այս գործընթացը աւարտելու համար Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ատոր ժամանակը եւ վայրը Հայաստանի ներքին գործընթացն է։ Ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի վարչապետը յստակեցուց, որ Սահմանադրութեան նախագիծը պիտի հրապարակուի տարեվերջին», – ըսած է ան։
Նախարարը նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը կը հետեւի գործընթացին, իսկ պաշտօնական Պաքուի մօտեցումը կը մնայ անփոփոխ։
«Անշուշտ, մենք պիտի սպասենք գործընթացի ամբողջական աւարտին եւ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական ստորագրման», – աւելցուցած է Պայրամով։