Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շարք մը շրջաններու՝ Հասաքէի, Գամիշլիի եւ Քոպանիի մէջ սրած են լարուածութիւնն ու բախումները ներքին ապահովութեան ուժերու եւ ցուցարարներու միջեւ։
Ըստ պետական «ՍԱՆԱ» գործակալութեան՝ Քոպանիի մէջ երիտասարդներու խումբի յարձակման հետեւանքով բողոքի ցոյցեր սկսած են, իսկ Հասաքէի մէջ ցուցարարները յարձակած են ապահովութեան ուժերու կեդրոնատեղիին վրայ եւ վար առած Սուրիոյ դրօշակը։
Անվտանգութեան ուժերու տուեալներով՝ անկարգութիւններու հետեւանքով վիրաւորուած է 19 աշխատակից, իսկ 7 կասկածեալ ձերբակալուած է։ Իրավիճակը վերահսկելու եւ կարգուկանոնը պահպանելու նպատակով իրաւապահները խստացուցած են վերահսկողութիւնը եւ ուժեղացուցած իրենց ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ։