image

Ռուբէն Վարդանեանի կինը պատրաստակամութիւն յայտնած է  Ալեն Սիմոնեանի ընկերակցութեամբ Պաքու մեկնելու

Ռուբէն Վարդանեանի կինը պատրաստակամութիւն յայտնած է  Ալեն Սիմոնեանի ընկերակցութեամբ Պաքու մեկնելու

Արցախի նախկին պետնախարար, Պաքուի մէջ 20 տարուան ազատազրկման դատապարտուած Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտը դիմած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղար Ալեն Սիմոնեանին՝ ողջունելով Պաքու այց կատարելու անոր պատրաստակամութիւնը եւ իր հերթին պատրաստակամութիւն յայտնելով անոր հետ մեկնելու Ատրպէյճանի մայրաքաղաք:

«Կ՚ողջունեմ նման այց կատարելու Ձեր պատրաստակամութիւնը եւ յոյս ունիմ, որ այն լրացուցիչ հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ հայ բանտարկեալներու եւ անոնց ընտանիքներու հետ կապուած մարդասիրական հարցերու լուծման համար», -ըսուած է Զոնապենտի ուղերձին մէջ, որ հրապարակուած է Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնական դիմատետրեան էջին:

«Դուք նախապէս նշած էիք հետեւեալը. «խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ բոլոր մարդասիրական հարցերու լուծումը կենսական նշանակութիւն ունին, եւ այս շրջածիրէն ներս առաջնահերթ է հայ գերիներու շուտափոյթ եւ ապահով վերադարձը»: Կը կիսեմ այս դիրքորոշումը։ Անձամբ ես պատրաստ եմ Ձեր հետ մեկնելու Պաքու։ Գիտեմ, որ նման փափաք ունին նաեւ այլ կալանաւորուածներու ընտանիքներ։ Խնդրեմ, դիտարկէք մեր մասնակցութեան կարելիութիւնը, եթէ այցելութիւնը կայանայ, եւ աջակցէք մեր հարազատներուն հետ հանդիպումներու կազմակերպման», - գրել է Վերոնիկա Զոնաբենդը:

Այս շրջածիրէն ներս Ռ. Վարդանեանի կինը քանի մը հարցումներ ուղղած է Ալեն Սիմոնեանին՝ այցելութեան ընթացքին կը նախատեսէ՞ք այցելել հայ կալանաւորուածներուն, պատրա՞ստ էք այցելութենէն առաջ հանդիպելու կալանաւորուածներու ընտանիքներուն հետ՝ անոնց խնդրանքները լսելու եւ կալանաւորուածներուն փոխանցելու համար նամակներ ընդունելու նպատակով։

Վերոնիքա Զոնապենտ շեշտած է, որ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուողներուն ընտանիքներուն համար հարազատները տեսնելու, անոնց առողջական ու հոգեկան վիճակին մասին տեղեկանալու եւ անձամբ սէր ու աջակցութիւն փոխանցելու կարելիութիւնը շատ կարեւոր է։

«Կալանաւորուածներուն համար ատիկա կարելիութիւն է զգալու, որ իրենց կապը ընտանիքին հետ չէ ընդհատուած, եւ որ իրենց ճակատագիրով մտահոգ են։ Յոյս ունիմ ստանալու ձեր պատասխանը եւ քննարկելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս հնարաւորութիւնը օգտագործել որոշակի մարդասիրական քայլ մը իրականացնելու համար», նշած է ան։

Անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղարն անցեաթ շաբաթ չբացառեց, որ Ատրպէյճան մեկնի, թէեւ ժամկէտի շուրջ որեւէ յստակ պայմանաւորուածութիւն դեռ չկայ: Ան ճեպազրոյցի ժամանակ նշեց, որ նման մտադրութիւն արտայայտուած է իր նախորդի՝ Արմէն Գրիգորեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի դիլիջանեան հանդիպման ժամանակ։

Ալեն Սիմոնեանը, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատուիրակութեան կազմին մէջ Պիշքեքի մէջ մասնակցած էր հայ - ատրպէյճանական բարձր մակարդակի հանդիպման, ապա առանձին հանդիպած Հաճիեւի հետ, պնդած է, որ իր տպաւորութեամբ՝ «ատրպէյճանական կողմը խաղաղութեան հետ կապուած բոլոր քայլերն կ՚ընէ եւ պիտի ընէ»:

«Պարզ է, որ մենք ունենք հարցեր, որ բարձրացնում ենք, եւ դրանք դեռ լուծելու խնդիր կայ, մասնաւորապէս՝ պահուող անձանց, անյայտ կորածների հետ կապուած... բոլոր հարցերի շուրջ քննարկում է տեղի ունեցել եւ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել նոր մեխանիզմներ ներդնել, որպէսզի չլուծուած հարցերը իրենց լուծումները գտնեն», -ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի նորանշանակ քարտուղարը:

Աւելի վաղ Ռուբէն Վարդանեանի կինը կոչ ըրած էր կանանց մարդասիրական պատուիրակութիւն ձեւաւորելու՝ Պաքուի բանտին մէջ գտնուող հայերուն այցելելու նպատակով։