Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած է տեսանիւթ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական յուշարձանները պղծելու եւ ոչնչացնելու հերթական վառ ապացոյցն է:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ տեսանիւթին մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս ատրպէյճանցի զինծառայողը ինքնաձիգէ կրակոցներ կ'արձակէ Հադրութ քաղաքի յուշահամալիրի խաչքարի ուղղութեամբ:
Տեսանիւթէն պարզ կը դառնայ, որ յուշարձանը պղծուած է. այն պատուած է ատրպէյճաներէն գրութիւններով: