image
Հրատապ լուրեր:

Գէորգ Պապոյեանն ու Էսսա Քազիմն անդրադարձած են Գիւմրիի «չոր նաւահանգիստ» նախագիծին մէջ «DP World»-ի հնարաւոր ներգրաւուածութեան

Գէորգ Պապոյեանն ու Էսսա Քազիմն անդրադարձած են Գիւմրիի «չոր նաւահանգիստ» նախագիծին մէջ «DP World»-ի հնարաւոր ներգրաւուածութեան

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան Սեպտեմբեր 9-ին Տուպայի մէջ հանդիպած է «DP World» խոշորագոյն ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Էսսա Քազիմի հետ։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Ներդրումներու աջակցութեան կեդրոն հիմնադրամի տնօրէն Գոհար Աբաճեանը։

««DP World»-ը Դուբայում հիմնուած համաշխարհային առեւտրի եւ լոգիստիկայի ընկերութիւն է, որը զբաղւում է նաւահանգիստների կառավարմամբ, բեռնափոխադրումներով, պահեստաւորմամբ եւ լոգիստիկ ծառայութիւններով։ Քննարկուել է «DP World»-ի հետ երկարաժամկէտ գործնական համագործակցութեան հաստատման հնարաւորութիւնները՝ առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հայաստանի՝ որպէս տարածաշրջանային լոգիստիկ եւ առեւտրային հանգոյցի դիրքի ամրապնդմանը»,– յայտնած են տնտեսութեան նախարարութենէն։

Անդրադարձ կատարուած է Գիւմրիի «չոր նաւահանգիստ» նախագիծին մէջ «DP World»-ի հնարաւոր ներգրաւուածութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ժամանակակից պահեստային եւ բազմատեսակ փոխադրումներու լոճիսթիք ենթակառոյցներու զարգացման հեռանկարներուն։ Այս շրջածիրէն ներս նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, TRIPP ծրագիրը եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն միջազգային լոճիսթիք ընկերութիւններու համար։

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւորուած է համագործակցութեան հաստատումը՝ Հայաստանի տարանցիկ եւ լոճիսթիք ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործման եւ միջազգային առեւտրային կապերու ընդլայնման նպատակով։