image

Քուէյթ յարձակման ենթարկուած

Քուէյթ յարձակման ենթարկուած

Քուէյթի բանակը յայտարարած է, որ Իրանը հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է երկրի ուղղութեամբ։ Քուէյթին հարուածներու մասին յայտարարած է նաեւ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը։

Վաղ առաւօտուն X-ի վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Քուէյթի բանակը նշած է, որ երկրի հակաօդային պաշտպանութիւնը այս պահուն կը կասեցնէ Իրանի կողմէ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումները։

«Բանակի գլխաւոր շտաբը կը նշէ, որ լսուող որեւէ պայթում հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ թշնամական յարձակումները կասեցնելու արդիւնք է։ Բոլորին կոչ կ՚ուղղուի հետեւելու համապատասխան մարմիններուն կողմէ տրուած անվտանգութեան ցուցմունքներուն», նշուած է գրառման մէջ։

Ըստ IRIB հեռուստառատիոընկերութեան՝ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը հաղորդած է, որ հրթիռներով եւ ԱԹՍ-ներով թիրախաւորած է Քուէյթի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններէն մէկուն «կարեւոր կառոյց»։

Սեպտեմբեր 2-ի գիշերը ԱՄՆ-ը նոր զանգուածային հարուածներ հասցուցած է Իրանի կառոյցներուն։ Ի պատասխան՝ Իրանը հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմական թիրախներու ուղղութեամբ։

Ըստ վերջին տուեալներուն՝ Իրանի մէջ ամերիկեան հարուածներուն հետեւանքով զոհերուն թիւը հասած է 18-ի։