image

Պոլսահայ կրթական կեանքը սգաց բազմավաստակ ուսուցչուհի Արաքսի Չալըքմանի մահը

Պոլսահայ կրթական կեանքը սգաց բազմավաստակ ուսուցչուհի Արաքսի Չալըքմանի մահը

Պոլսահայ կրթական կեանքը ծանր կորուստ մը կրեց։ Երկար տարիներ Մէրամէթճեան Վարժարանին մէջ որպէս ուսուցչուհի եւ հսկիչ ծառայած, իր նուիրեալ աշխատանքով աշակերտներու եւ կրթական շրջանակներու սէրն ու յարգանքը վայելած Տիկին Արաքսի Չալըքման մահացած է։

Հանգուցեալը իր երկարամեայ ծառայութեամբ կարեւոր տեղ մը ունեցած է Պոլսահայ կրթական կեանքին մէջ։ Անոր մահը խոր վիշտ պատճառած է իր ընտանիքին, հարազատներուն, նախկին աշակերտներուն, գործընկերներուն եւ Մէրամէթճեան Վարժարանի ամբողջ ընտանիքին։

Մահազդ

Գայուշ (Չալըքման)–Ժան Կավրիլօֆ
Շանթ–Թամար Չալըքման եւ զաւակը՝ Սարիկ
Մուրազ–Նայիրա Սարանկիլ եւ զաւակը՝ Անի
Գայիանէ Կավրիլօֆ
Նարէ Կավրիլօֆ
Սեթա Ճեզվէճեան
Տարչօ Ճեզվէճեան եւ զաւակները
Օշին Ճեզվէճեան եւ Կարէն Ճեզվէճեան
Րաֆֆի Չալըքման եւ զաւակները
Սարվէն Չիլինկիրօղլու եւ զաւակները
Ժանէթ Կիւլպօեան եւ զաւակները
Իրմա Մասգալաճեան
Նատիա Կիւլպէն եւ զաւակները
Սօնա Մանկօեան եւ զաւակները
Գառնիկ Մասգալաճեան եւ զաւակները
Շարլօթ Սարըչոպան եւ զաւակները

Ինչպէս նաեւ՝ Օտապաշեան, Տիշօեան, Թուղլաճեան, Չիղտեմեան, Գոզանօղլու, Չոպանեան, Չեքմէն, Կավրիլօֆ, Թօքաճեան, Մանուկեան եւ Ատամօ ընտանիքները

խոր ցաւով կը գուժեն մահը իրենց յոյժ սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, տալոջ, հօրաքրոջ, քեռկնոջ, զարմուհիին, սանին, խնամիին եւ ազգականին՝

Տիկին Արաքսի Չալըքմանի

Տէրը լուսաւորէ իր բարի եւ ազնիւ հոգին եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը պարգեւէ իր ընտանեկան պարագաներուն։

Հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ 31 Օգոստոս 2026, Երկուշաբթի, ժամը 13։00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցիէն, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Էտիրնէգաբուի Գերեզմանատուն՝ ամփոփուելու համար իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Յետ թաղման՝ տան կարգը եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուին Եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ։

Ցաւակցութիւնները՝ տոմարի ստորագրութեամբ։

Թաղային Խորհուրդ
Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ

Տնօրէնութիւն
Մէրամէթճեան Վարժարանի

Ուսուցչաց Հիմնարկի Վարչութիւն
Ուսուցչաց Միութեան Վարչութիւն