image

Ս. Աննայի ուխտը՝ հաւատքի, աղօթքի եւ հայ քրիստոնէական աւանդութեան վերանորոգում

Ս. Աննայի ուխտը՝ հաւատքի, աղօթքի եւ հայ քրիստոնէական աւանդութեան վերանորոգում

Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղիին մէջ Ս. Աննայի ուխտի աւանդական տօնախմբութիւնը այս տարի եւս վերածուեցաւ հաւատքի ու հոգեւոր միութեան վկայութեան։ Օգոստոս 30-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հանդիսապետութեամբ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագը համախմբեց մեծաթիւ ուխտաւորներ, հոգեւորականներ եւ հաւատացեալներ՝ աղօթքի, օրհնութեան եւ ազգային-եկեղեցական աւանդութեան մթնոլորտի մը մէջ։

Այս ուխտը, սակայն, միայն աւանդական տօնակատարութիւն մը չէ։ Ան իւրայատուկ առիթ է վերադառնալու հաւատքի արմատներուն, վերստին զգալու եկեղեցւոյ հոգեւոր ներկայութիւնը եւ յիշելու, որ կեանքի անակնկալ փոթորիկներուն դիմաց քրիստոնեային մեծագոյն ուժը Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնն ու աղօթքն են։ Սրբազան Հօր պատգամը՝ Քրիստոսի կողմէ փոթորիկի խաղաղեցման աւետարանական դրուագին ընդմէջէն, հաւատացեալներուն ուղղեց այս խոր ճշմարտութեան՝ չվախնալ, այլ հաւատքով կառչիլ Քրիստոսի եւ անոր խոստումներուն։

Եագուպիէի Ս. Աննայի ուխտը այս իմաստով կը շարունակէ ըլլալ ոչ միայն հոգեւոր, այլեւ ազգային յիշողութեան կենդանի արտայայտութիւն մը՝ սերունդներ կապելով եկեղեցւոյ, հաւատքին եւ հայ համայնքային կեանքին։

Ստորեւ այդ ուխտագնացութեան մասին Բերիոյ Թեմին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը՝ 

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 30 Օգոստոս 2026-ի առաւօտուն, Ս. Աննայի ուխտի օրը յիշատակուեցաւ հոգեկան ցնծութեամբ եւ մեծաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ։

Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի եւ Ս. Անթոնիոս սկաուտական փողերախումբերուն նուագով։ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, առընթերականեր ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի նորօծ աբեղաներ, ծնունդով եագուպիահայ՝ Հոգշ. Տ. Նորայր Աբղ. Պայտունեան եւ Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեան։ 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, լատին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Տ. Լուէյ Պշարաթ եւ Տ. Ճորճ Ճամալ, Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան, Ճեզիրէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, Լիբանանէն ժամանած Զահլէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Եղիայեան, Ճեզիրէ շրջանի Կիրակնօրեայ երեք Դպրոցներու սաներ, եագուպիահայ հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ։

Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեցին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպիրները, ղեկավարութեամբ՝ բարշ. Վարդան սրկ. Պետրոսի։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան եագուպիահայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ որդիական երախտագիտութեամբ աղօթեց, որ Ամենակալը քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ պարգեւէ անոր։

Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը մատրան նուիրուած երկու սրբապատկերներ Ս. Միւռոնով օծեց։ Աստուածամօր սրբապատկերը նուիրած է Լատին եկեղեցւոյ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ֆատի Ազար, իսկ Քրիստոսի Յարութեան սրբապատկերը նուիրած է տիկ. Սիլվա Եղիայեան-Խեչօ, ի յիշատակ իր հօր՝ Գէորգ Եղիայեանի եւ իր մօր՝ Զհրօ Քասիսի հոգիներուն։

Սրբազան Հօր հայրական պատգամին բնաբանն էր օրուան աւետարանական ընթերցուածը՝ փոթորիկը խաղաղեցնելու դրուագը (Մր 4.35-40), որուն ընդմէջէն Սրբազան Հայրը մատնանշեց քանի մը մտածումներ։

Ան դիտել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ յանկարծակի փոթորիկներ կրնան ծագիլ, սակայն պէտք չէ վախնանք, որովհետեւ վախը մեր խաղաղութիւնը կը խաթարէ, սխալ որոշում առնելու կը մղէ եւ մեզ Աստուծմէ եւ մարդոցմէ կ՚առանձնացնէ։ Հետեւաբար, Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ Աստուծոյ խօսքին զօրութեամբ վախը մէկ կողմ դնելու եւ աղօթքով մեր հաւատքը հաստատուն դարձնելու։

Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մեր կեանքի ընթացքին Քրիստոսի կառչած կրնանք մնալ յիշելով Աստուծոյ մեզի տուած խոստումները, չվախնալով, հաւատքով Աստուծոյ վստահելով, օրինակ քաղելով մեր եկեղեցւոյ սուրբերէն, որոնք վստահելով Աստուծոյ, նահատակութեան գնով իրենց հաւատքին վրայ հաստատուն մնացին։

Սրբազան Հայրը Ս. Աննային բարեխօսութիւնը հայցելով աղօթեց, որ Տէրը զօրացնէ մեր հաւատքը եւ Քրիստոսի կառչած պահէ։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եագուպիահայերը՝ Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով եւ մաղթեց, որ շարունակեն իրենց երթը ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայ Եկեղեցւոյ։

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի մատրան շրջափակ, ուր ուխտաւորներու ներկայութեան մատաղօրհնէք կատարեց։ Տօնական մթնոլորտի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի փողերախումբը ազգային եւ հայրենասիրական երգեր հնչեցուց, ինչպէս նաեւ Ս. Անթոնիոս սկաուտական փողերախումբը նուագով իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ խանդավառելով ներկաները։

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եագուպիահայերը եւ մեծապէս գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, նորօծ աբեղաները, քահանայ հայրերը, լատին հոգեւոր հովիւները, Եագուպիէի թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը, Եագուպիէի Հայրենակցական Միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի փողերախումբը եւ Ս. Անթոնիոս սկաուտական փողերախումբը, որոնք իրենց ներդրումը բերելով Ս. Աննայի ուխտի օրուան տօնախմբութիւնը լաւագոյն կերպով կատարեցին։

Ուխտաւորները օրհնուած Հարիսան ստանալով, հոգեկան գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները։