Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի երկրորդ զարմիկ՝ Ուասիմ Ասատը, Դամասկոսի դատարանի կողմէ մահապատիժի դատապարտուած է շարք մը անձերու դիտաւորեալ սպանութեան եւ խոշտանգումներու հետ կապուած յանցագործութիւններու համար, որոնք որակուած են որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ եւ պատերազմական յանցագործութիւններ։ Այս մասին կը հաղորդէ SANA սուրիական պետական գործակալութիւնը։
«Դատարանը ամբաստանեալ Ուասիմ Ասատը մեղաւոր ճանչցած է քանի մը անձանց դիտաւորեալ սպանութեան, ինչպէս նաեւ խոշտանգումներու հետ կապուած յանցագործութիւններու մէջ, որոնք որակուած են որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ եւ պատերազմական յանցագործութիւններ։ Դատարանը վճռած է ամբաստանեալ Ուասիմ Ասատը դատապարտել մահապատիժի»,– գործակալութեան խօսքերը մէջբերած է դատաւոր Ֆախր ալ-Տին ալ-Արիանը։
Դատարանը նաեւ որոշած է բռնագրաւել դատապարտեալի շարժական եւ անշարժ գոյքը՝ յօգուտ պետական գանձարանին։
Ուասիմ Ասատի դատավարութիւնը տեղի ունեցած է Դամասկոսի Չորրորդ Քրէական դատարանին մէջ՝ անցումային արդարադատութեան գործերու շրջածիրէն ներս։ Սուրիոյ իշխանութիւնները անոր ձերբակալած էին 2025 թուականի Յունիսին՝ սուրիական-լիբանանեան սահմանին։
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 11-ին Դամասկոսի դատարանը հեռակայ կարգով մահապատիժի դատապարտած էր Սուրիոյ նախկին առաջնորդ Պաշշար Ասատը եւ անոր կրտսեր եղբայրը՝ Մահեր Ասատը, որ կը գլխաւորէր Սուրիոյ բանակի Չորրորդ զօրաբաժինը։