Փարիզի մէջ օրերս տեղի ունեցած է 9-րդ հայկական փառատօնը, որ համախմբած է հայ մշակոյթի, երաժշտութեան, խոհանոցին եւ համայնքային կեանքին նուիրուած բազմաթիւ մասնակիցներ։
Այս կարեւոր ձեռնարկին առիթով, ֆրանսահայ գործիչ եւ ՍԴՀԿ պատասխանատուներէն՝ Տիար Սարօ Մարտիրեան, ուշագրաւ գրառում մը կատարած է՝ անդրադառնալով փառատօնի նշանակութեան եւ հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ամուր կապերուն։
Ստորեւ Մարտիրեանի գրառումն ամբողջութեամբ՝
Մեծ ուրախութեամբ ներկայ գտնուեցայ Փարիզի 9-րդ հայկական փառատօնին, որ կազմակերպուած էր Ժան Կուժոն փողոցին վրայ։
Այս գեղեցիկ ձեռնարկին առիթով, Ալֆորվիլի քաղաքապետ Լիւք Քարվունասը եւ գործընկերուհիս՝ Վիքթորիա Դալար Սիմոնեան, միասին մասնակցեցանք այս կարեւոր նախաձեռնութեան, որ իր շուրջ համախմբեց հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ բարեկամներ։
Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմին կողմէ, Հոգշ. Տ. Գրիգոր եպս. Խաչատրեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան, տիկնանց միութեան եւ Փարիզի 8-րդ թաղամասի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ կազմակերպուած այս փառատօնը անգամ մը եւս հայկական մշակոյթը, երաժշտութիւնը, խոհանոցը եւ համայնքային համերաշխութեան ոգին բերաւ Փարիզի սիրտը։
Ինծի համար առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի հայկական մշակոյթի նմանօրինակ ձեռնարկներուն ներկայութիւնը, որովհետեւ անոնք ոչ միայն մեր ինքնութեան պահպանման ու փոխանցման միջոց են, այլեւ հայ համայնքը աւելի մօտ կը կապեն ֆրանսական հասարակութեան հետ։
Կը գնահատեմ նաեւ Ալֆորվիլի քաղաքապետարանին շարունակական ներկայութիւնը հայկական համայնքային կեանքի կարեւոր նախաձեռնութիւններուն մէջ։ Այս գործակցութիւնը կենդանի ու անքակտելի կապերու վկայութիւն է եւ կարեւոր ներդրում մը՝ հայ-ֆրանսական բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։
Կը շնորհաւորեմ բոլոր կազմակերպիչները, կամաւորները եւ այն բոլոր մասնակիցները, որոնք իրենց նուիրումով ու աշխատանքով նպաստեցին այս գեղեցիկ ձեռնարկին յաջողութեան։



