Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէն այսօր այցելած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։
Դեսպանը յուշահամալիրին մէջ դիմաւորած եւ ուղեկցած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը։
Ֆլորիան Էսքիւտիէն յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին՝ ծաղիկներ խոնարհելով անմար կրակին մօտ։
Դեսպանը շրջայց կատարած է յուշահամալիրի տարածքին մէջ եւ ծանօթացած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի պատմութեան եւ խորհուրդին։