image

Քուէյթը եւ շոգ ամառը. Անսպասելի տեսարաններ (Տեսանիւթ)

Քուէյթը եւ շոգ  ամառը. Անսպասելի տեսարաններ (Տեսանիւթ)

Քուէյթի մէջ արեւի տակ օդի ջերմաստիճանը բարձրացած է մինչեւ 73 աստիճան: Այդ պատճառով մեքենաներու փլասթիք մասերը սկսած են հալիլ: Աղէտի նկարները հրապարակած է «Ալ-Ճազիրա» հեռուստաալիքը:

Ըստ Քուէյթի օդերեւութաբանական ծառայութիւններու՝ վերջին 70 տարուան ընթացքին այսպիսի տաք, որ այժմ հաստատուած է երկրին մէջ, չէ նկատուած: Ստվերի տակ ջերմաչափերը +54 աստւճան ցոյց կու տայ: Արեւի տակ ցուցանիշերը կը հասնին +73 աստիճանի:

Ալիքի կողմէ հրապարակուած նկարներուն մէջ կ'երեւայ, որ կերպնկալէ իրերը չեն կրնար դիմակայել կիզիչ տաքին եւ կը հալին: Այդպէս, արեւի տակ կայանած մեքենաներու մասերը ու լուսարձակները բառացիօրէն կը հոսին ասֆալթի վրայ:

Ճանապարհային լուսացոյցերը նոյնպէս չեն կրնար դիմակայել տաքին եւ կը հալին:

Քուէյթի իշխանութիւնները կոչ կ'ընեն բնակիչներուն զերծ մնալու արեւի տակ գտնուելէ եւ օրկանիզմը ջրազրկման ենթարկելէ: Բացի այդ, երկրի քաղաքացիներուն խստօրէն խորհուրդ կը տրուի կրճատել ելեկտրական ուժանիւթի սպառումը, ինչպէս նաեւ հնարաւորութեան պարագային հին օդափոխիչները փոխարինել ժամանակակից սարքերով, որու պատճառով մեծ քաղաքներուն մէջ ելեկտրական ցանցերը չեն կրնար դիմանալ ծանրաբեռնուածութեան: