image

Հալէպէն մինչեւ Ամերիկա․ բժշկութեան առաքելութիւնը շարունակող Հուրի Մասրելեանն ու Պերճ Ատամը

  Հալէպէն մինչեւ Ամերիկա․ բժշկութեան առաքելութիւնը շարունակող Հուրի Մասրելեանն ու Պերճ Ատամը

Հալէպահայ բժշկական ընտանիքի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն է բժշկուհի Հուրի Մասրելեանը, որ իր մասնագիտական կեանքն ու առաքելութիւնը շարունակած է Հալէպէն մինչեւ Հայաստան եւ ապա՝ Միացեալ Նահանգներ։ Ան կողակիցն է Հալէպահայ յայտնի ատամնաբոյժ Տօքթ. Պերճ Ատամին։

Հալէպի շուրջը թէժացած պատերազմի ծանր պայմաններուն հետեւանքով Ատամներու ընտանիքը նախ տեղափոխուած է Երեւան, ապա հաստատուած՝ Միացեալ Նահանգներ, ուր երկուքն ալ մեծ յաջողութեամբ շարունակած են իրենց բժշկական առաքելութիւնը՝ իրենց մասնագիտական գիտելիքներով, նուիրումով եւ երկարամեայ փորձառութեամբ արժանանալով բժշկական հանրութեան բարձր գնահատանքին։

Ստորեւ՝ բժշկուհի Հուրի Մասրէլեանի մասին մասնագիտական շրջանակներու կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

Տօքթ. Հուրի Մասրելեան փորձառու ընդհանուր ատամնաբոյժ մըն է՝ աւելի քան 40 տարուան մասնագիտական գործունէութեամբ՝  ատամնաբուժական քլինիքի աշխատանք, վերականգնողական ատամնաբուժութիւն եւ ատամնաբուժական կրթութիւն ոլորտներուն մէջ։

Ան դասախօս «Թեմփըլ» համալսարանի Մորիս Հ. Քորնպըրկ ատամնաբուժական դպրոցի Վերականգնողական ատամնաբուժութեան բաժանմունքին մէջ, ուր կը դասաւանդէ նախաքլինիքական վերականգնողական ատամնաբուժութիւն եւ կը հովանաւորէ ու կ'ուղղորդէ ատամնաբուժութեան ուսանողները։

Տօքթ. Մասրելեան Ատամնաբուժական Վիրաբուժութեան Դոկտորի (DDS) իր վկայականը ստացած է Հալէպի համալսարանէն։ Թեմփլ համալսարան միանալէն առաջ ան Փենսիլվանիոյ համալսարանի Ատամնաբուժական բժշկութեան դպրոցին մէջ ծառայած է որպէս քլինիքական դոցենտ։

Իր մասնագիտական փորձառութեան հիմնական ոլորտներն են վերականգնողական ատամնաբուժութիւնը, պրոթեզաւոր ատամնաբուժութիւնը, գեղագիտական ատամնաբուժութիւնը եւ հիւանդներու համապարփակ խնամքը։ Իր դասաւանդման մէջ ան շեշտը կը դնէ քլինիքական բարձր մակարդակի, ապացոյցներու վրայ հիմնուած որոշումներու կայացման, բարոյագիտական գործելակերպի եւ հիւանդներու հանդէպ հոգատար ու մարդակեդրոն վերաբերմունքի վրայ։

Քորնպըրկ ատամնաբուժական դպրոցին մէջ Տօքթ. Մասրելեանը հպարտ է իր ներդրումը բերելու ատամնաբուժական կրթութեան գերազանցութեամբ ճանչցուած հաստատութեան մը։ Ան մեծ նուիրումով կը պատրաստէ ատամնաբոյժներու նոր սերունդը՝ զանոնք առաջնորդելով բարձրորակ հիւանդամշակութեան, շարունակական ուսման, նորարարութեան եւ մասնագիտութեան ամենաբարձր չափանիշներուն հետեւելու ճանապարհին։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը