image

Լարուած իրավիճակ Թրիփոլիի մէջ. Կրակոցներ եւ փակուած փողոցներ (Տեսանիւթ)

Լարուած իրավիճակ Թրիփոլիի մէջ. Կրակոցներ եւ փակուած փողոցներ (Տեսանիւթ)

 Լարուած իրավիճակ կը տիրէ Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սքայնիւզ-արապիյա» կայանէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ  տնտեսական վիճակին դէմ իրենց բողոքը արտայայտող քաղաքացիներ վէճի բռնուած են բանակի միաւորներուն հետ, որոնք կը փորձէին վերաբանալ փակուած ճանապարհները։

 

 Աւելի ուշ կրակոց գրանցուած է Թրիփոլիի տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքին մէջ կեդրոններ ունեցող զինեալ խմբաւորումներու ապօրինի զէնք զինամթերք կրող անդամներ երեւցած են տարբեր շրջաններու մէջ։

 Ներկայ պահու դրութեամբ քաղաքին մէջ խաղաղ, սակայն զգուշաւոր իրավիճակ կը տիրէ։