Լիբանանի խորհրդարանը Երեքշաբթի օր կայացած քուէարկութեամբ որոշում ընդունած է երկրին մէջ մահապատիժը վերացնելու մասին, որ ողջունած են միջազգային կառոյցներն ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները։
Թէեւ պատգամաւորներու մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկած է օրինագիծին, «Հըզպալլա»-ի խորհրդարանական խմբակցութիւնը դէմ արտայայտուած է մահապատիժի վերացման։
Յաջորդիւ օրէնսդրութիւնը պիտի քննարկուի Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, ապա պիտի ներկայացուի նախագահ Ժոզէֆ Աունի հաստատման։
Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քայա Քալլաս ողջունած է այս քայլը՝ ընդգծելով, որ Լիբանանը կը դառնայ տարածաշրջանի առաջին երկիրը, որ կը վերացնէ մահապատիժը։