Սուրիոյ մէջ դատարանը հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը հեռակայ կարգով մահապատիժի դատապարտած է, կը հաղորդէ Syrian Arab News Agency-ն (SANA)։
Սուրիական դատարանը նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը մեղաւոր ճանչցած է մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մէջ եւ հեռակայ կարգով մահապատիժի դատավճիռ կայացուցած է։
Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։
Նշենք, որ Պաշշար Ասատ իր ընտանիքի հետ Ռուսիա ապաստան ստացած է 2024 թուականի Դեկտեմբերին՝ զինեալ յեղաշրջման ընթացքին Սուրիոյ մէջ իր վարչակարգի տապալումէն ետք։