Իրաքեան «Ալ Սատըր« քաղաքին մէջ պայթում մը գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց կայանէն։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ պայթումին հետեւանքով զոհուած են 20 անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասած է 45-ի։
Կը նշուի, նաեւ, որ զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ։
Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն բաւական լարուած իրադրութիւն ստեղծուած է Իրաքի մէջ եւ այդ մէկը կապ ունի Իրան-Միացեալ Նահանգներ հակամարտութեան ու այդ առումով Իրաքի մէջ փոխ-ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելուն հետ։