Այս յօդուածը ընթերցող հայերուն մեծամասնութիւնը, անկասկած, անոր վերնագիրը պիտի վերագրէ բառին աւանդական իմաստին, ըսել կ՛ուզեմ, որ բոլոր ընթերցողները առաջին ակնարկով պիտի մտածեն, թէ խօսքը մեր սիրելի, տասնեակ անգամներ երգերու նիւթ դարձած, հարիւրաւոր անգամ փառաբանուած, իր բոյնին վրայ թառած կամ մէկ ոտքի վրայ իր ձագերուն հետ կայնած չորս կողմը դիտող թռչունին` կռունկին մասին է, որ կարօտի, պանդխտութեան եւ հայրենիքի խորհրդանիշն է:
Սակայն այդպէս չէ… Յօդուածը պարզապէս կը վերաբերի հրճուանք պարգեւող, յոյս եւ վերականգնում ներշնչող կռունկանման սարքի մը, որուն պիտի անդրադառնամ ստորեւ:
Անցնող մօտ տասը տարուան ընթացքին քանիցս այցելած եմ Հայաստան զանազան առիթներով եւ շատ յաճախ ականատես եղած եմ տխրեցնող երեւոյթի մը Երեւանի հորիզոնի լայնքին հազիւ նկատած եմ 5-10 կռունկ միայն, ոչ աւելի, այսինքն` տարեկան հազիւ թէ 2-3 կռունկ կ՛աւելնար մօտ 20 քմ երկարութեամբ տարածութեան մը վրայ: Եւ նկատի ունենալով, որ գործս շինարարութեան հետ կապ ունի, ուստի այսպիսի երեւոյթներու բծախնդրօրէն կը հետեւէի եւ ըստ այնմ վերլուծութիւններ կ՛ընէի:
Կռունկը այստեղ ուրեմն, շինարարական աշխատանքի ծառայող գործիք մըն է: Այս գործիքը վերամբարձ կռունկ կոչողը շատ յաջող անուանում մը ըրած է: Ան երկաթէ կազմուած աշտարակ մըն է: Շինարարական այս մեծ մեքենան կ՛օգտագործուի շէնքերու եւ կառոյցներու շինարարութեան ընթացքին ծանր իրեր բարձրացնելու եւ փոխադրելու: Մօտ երկու մեթր քառակուսի տրամագիծով խաչաձեւ մարմին ունի, նոյնպէս ունի դէպի մէկ կողմ երկարող թեւ մը, հորիզոնական երկար մասը, որ կը բռնէ եւ կը տեղափոխէ բեռները:
Եթէ նկատի առած էք, ան շինարարական այլատեսակ բեռներ կը փոխադրէ` շէնքեր կառուցող հաստատութիւններուն ծառայելով. ընդհանրապէս նարնջագոյն ներկուած կ՛ըլլայ եւ նոյնիսկ գիշերը իր վրայ հաստատուած լամբերը բաց կը պահուին եւ ամբողջ շրջակայքը կը լուսաւորեն:
Կռունկները յաճախ կ՛ունենան 4-40 յարկանի շէնքերու բարձրութիւն: Անոնք կը ծառայեն շէնքին կառուցման, առաջին իսկ օրէն բոլոր շինանիւթերու տեղէ-տեղ փոխադրութեան` հորիզոնական եւ ուղղահայեաց շարժումներով: Անոնք կը խնայեն շատ մը գործեր, մանաւանդ ծանր ապրանքներու փոխադրութեան աշխատանքը.
Աշտարակային կամ վերամբարձ կռունկը` Tower Crane-ը` ինչպէս կը կոչուի անգլերէն, մօտ 25 մեթր շրջագիծի մէջ կրնայ 50 շինարարի աշխատանքը մէկ օրուան մէջ կատարել:
Կռունկը բարեբեր գործիք մըն է, փաստօրէն իր գտնուած եւ աշխատած տեղը շինարարութեան բարիք կայ: Կռունկը ամբողջովին կազմուած է երկաթէ եւ խաչաձեւ միացած ու ամրացուած է պեթոնէ գետնին վրայ` մեծ շէնքերու շինարարութեան նպաստելու համար: Այս առիթով կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ «Իմ երթը երկաթին հետ» հրատարակուած գիրքիս մէջ խօսած եմ այսօրուան կռունկներուն մասին, որոնք նոյնպէս պատրաստուած են երկաթով եւ պողպատով:
Ամէն պարագայի, պիտի բաւարարուիմ երկաթէ շինուած կռունկներուն մասին խօսելով եւ վերադառնամ այս յօդուածը գրելուս դրդապատճառին:
Յօդուածիս սկիզբը ըսի, թէ յուզմունքով կը յիշեմ, որ Երեւանի հորիզոնի լայնքին միայն 3-4 կռունկներ կը նկատէի եւ ես ինծի հարց կու տայի, թէ ինչո՛ւ այս քաղաքին մէջ շինարարութիւն չկայ: Վերլուծելով կ՛եզրակացնէի, որ եթէ շինարարութիւն չկայ, ուրեմն յառաջդիմութիւն չկայ, ապա զարգացում չկայ, փոփոխութիւն չկայ, ուրեմն գործ չկայ, դրամ չկայ, այսինքն` անգործութիւն կայ, եւ անոր երկուորեակ եղբայրը` թշուառութիւնը տիրող է: Այս բոլորին պատճ առով ալ շատ հաւանականօրէն ոճիրներու եւ լարուածութեան ականատես կրնայինք ըլլալ, այսինքն` հայրենիքս վատ վիճակի մէջ էր: Ասիկա կը յուզէր, աւելի՛ն. կը տանջէր զիս:
Բարեբախտաբար վերջին 2-3 տարիներուն կացութիւնը բարելաւուած է:
Այս օրերուն կռունկները լեցուցած են Երեւանի հորիզոնը, եւ բարեբախտաբար շինարարական իւրաքանչիւր ծրագիր ունի 2-4 կռունկ, որ կը նշանակէ ծրագիրին ընդարձակութիւնը, մեծութիւնը եւ բարձրութիւնը: Վերջին շաբթուան ճամբորդութեանս ընթացքին, Երեւանի կեդրոնէն դէպի արեւելք թէ արեւմուտք, հիւսիս թէ հարաւ, նախապէս ամայի մնացած բոլոր հողատարածքները լեցուն տեսայ կռունկներով եւ այլ շինարարական մեքենաներով ու գործիքներով: Ճամբաները խճողուած էին հսկայ մեքենաներով: Շատ նկատելի էին ճամբու վրայ շինարարութեան ընթացքի մէջ եղող հսկայ, շատ հսկայ, կարծէք 100-300 եւ աւելի հայ ընտանիքներու բնակութեան համար պատրաստուած շէնքեր, որոնք պիտի պատսպարէին մեր բարեկեցիկ թէ համեստ պայմաններով ապրող հայրենակիցները, զանազան գեղեցիկ ճարտարապետական, ճաշակաւոր մակերեսներով, ապակիներու արդիական, գունաւոր ծածկոյթներով: Ըստ լսածիս շէնքերու ներքին ճարտարապետութիւնը նոյնպէս արդիական է, իսկ սարքաւորումներուն համար կը գործածուին եւրոպական բարձրորակ ապրանքներ` բարձրացնելով կառոյցներուն օգտագործման պայմաններն ու մակարդակը:
Այժմ կը նկատեմ, որ անցեալին իմ նկատած պարապ հորիզոնը լեցուած է, նոյնպէս ալ իմ փնտռած կռունկները ազգիս զաւակներուն առջեւ են շարունակ, ինչպէս գրութեանս մէջ տեղադրուած նկարին մէջ կը տեսնէք:
Պիտի մաղթէի, որ Հայաստանի գործի աշխարհի միւս ասպարէզներն ու մարզերն ալ ըլլային շինարարականին նման յաջող, զարգացած կամ զարգանալու եւ ուռճանալու ճամբուն վրայ:
Կիրակոս (Կարօ) Գույումճեան
Քուէյթ