image

Լիբանան. Ի Տէր հանգաւ Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութեան նուիրեալ անդամներէն՝ Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան

 Լիբանան. Ի Տէր հանգաւ Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութեան նուիրեալ  անդամներէն՝ Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2026-ին, իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նուիրեալ անդամներէն՝ Քոյր Թէոպիստէ Մարի Պետրոսեան։

Իր կեանքը նուիրած էր Աստուծոյ ծառայութեան, աղօթքի եւ միաբանական առաքելութեան՝ տարիներ շարունակ իր ներկայութեամբ, հաւատքով եւ նուիրումով շէնացնելով իրեն վստահուած հոգեւոր ընտանիքը։

Այսօր անոր մեկնումը կը սգան Միաբանութեան քոյրերը, ընտանիքը, հարազատներն ու բարեկամները՝ մխիթարուած Քրիստոսի Յարութեան եւ յաւիտենական կեանքի անսասան խոստումով։

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հանգուցեալ քրոջ հակիրճ կենսագրութիւնը՝

 

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը՝ Ընդհ. Մեծաւորուհի Մայր Արուսեակ Սաճոնեանի եւ Միաբան Քոյրերու գլխաւորութեամբ, հանգուցեալին ընտանիքը, հարազատներն ու ազգականները կը գուժեն իրենց սիրելի քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին վախճանը։

Եկեղեցական կարգը կատարուեցաւ Երկուշաբթի, 10 Օգոստոս 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Զմմառու «Նախախնամութեան Տան» վանքի մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Միաբանութեան գերեզմանատան մէջ։

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Ցաւակցութիւնները կ'ընդունուին տեղւոյն վրայ։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Ս. Հռիփսիմեանց Բարձր. Վարժարանին։