«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Ֆրեզնոյի հայկական համայնքի պատասխանատուներէն՝ Տօքթ. Վաչէ Վասիլեանը:
-Վերջերս կը գտնուէիք Հայաստան, ի՞նչ էր ձեր այցելութեան գլխաւոր նպատակը:
Ինչպէս շատերուն արդէն ծանօթ է, Ֆրեզնոյի բժիշկներու միութիւնը Հայաստան ամենամեայ այցելութիւններ կու տայ եւ «Fresno medical mission» ծրագիրը կ'իրականացնէ:Այս տարի եւս այդ առաքելութիւնը պիտի իրականացնենք, որ այս անգամ յատուկ մեր վիրաւոր զինուրներուն օգնութեան ուղղուած պիտի ըլլայ, եւ ես այդ աշխատանքները նախապատրաստելու նպատակով կը գտնուէի Հայաստան: Ասկէ երկու ամիս առաջ ալ մեր խումբի ղեկավարը՝ հիւպատոս պրն. Պերճ Աբգարեանը հոն էր, իսկ այս անգամ ինծի յանձնուրարուեցաւ որ երթամ, ծանօթանամ թէ ինչ են առաջնային պէտքերը, որպէսզի ամերիկայէն բժիկներու խումբը առաւելագոյնս պատրաստուած եւ նպատակային առաքելութեամբ գայ, գիտնանք ինչ մասնագիտութեամբ, գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ մասնագէտներ են պէտք, որպէսզի այդ 15 օրուան մէջ արդիւնաւէտ ձեւով մեր նպատակին հասնինք:
Ըսեմ նաեւ, որ այս Հայաստան գտնուած ժամանակ այցելեցը ՝«Զինուորի տուն», որուն հետ ալ պիտի ըլլայ մեր գործակցութիւնը: Ըսեմ, որ շատ լաւ տպաւորուեցայ «Զինուորի տան» ներկայ վիճակով, իսկապէս բաւական սարքաւորումներով գերհագեցած, գերարդիական տեղ մըն է, ուր գնահատելի աշխատանք կը տարուի: Զինուորի տունէն բացի կապեր հաստատեցինք եւ պիտի համագործակցինք նաեւ Գիւմրիի, Արմաւիրի եւ վանաձորի մէջ գործող զինուորներու վերականգնողական կեդրոններու հետ, որպէսզի մեր մասնագէտները ըստ պահանջի խումբերու բաժնենք, եւ ամէն մէկ խումբ շրջան մը երթայ, աշխատի, գիտելիքներ փոխանակեն տեղի բժիշկներուն հետ եւ աշխատանքը ինչպէս ըսի ըլլայ արդիւնաւէտ։
-Ինչպէս ըսիք, շատերը արդէն տեղեակ են Ֆրեզնոյի բժիշկներու միութեան Հայաստան այցելութիւններու ու իրականացուցած ծրագիրներու մասին: Կրնաք աւելի մանրամասնութիւններ ներկայացնել, թէ ե՞րբ սկսած է այդ նախաձեռնութիւնը, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ, ի՞նչ ոլորտի մէջ կ'օգնէք, որքա՞ն է պիւտճէն, ո՞ր խաւերուն կը հասնիք եւ արդեօք այդ ծրագիրները պիտի շարունակուին ապագային:
Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը խումբ մը ամերիկացի բժիշկներու կողմէ իրականացուող առաքելութիւն է: Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս՝ պրն. Պերճ Աբգարեան, որ շատ հայրենասէր, մարդասէր եւ աշխատասէր անձնաւորութիւն է, (ծնունդով Հալէպէն), 40 տարի է Ֆրեզնօ հաստատուած, մօտ 38 տարի է բժշկական ոլորտի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ, ինք մտայղացաւ եւ ինք կը ղեկավարէ այս առաքելութիւնը: Առաքելութիւնը կը գործէ 2015-էն ի վեր, եւ մենք անընդմէջ ամէն տարի կ'այցելենք հայրենիք։ Միայն անցեալ տարի չկրցանք այցելել, «Քովիտ»ի պարտադրած սահմանափակումներու պատճառով:
Իր գործունէութեան առաջին երկու տարիներուն, մեր խումբը 15 օրով կը գտնուէր Հայաստան , եւ այդ օրերուն ծառայութիւն կը մատուցէր միայն մայրաքաղաք Երեւանի եւ Վանաձորի, Գիւմրիի, Արմաւիրի, Գեղարգունիքի տարբեր շրջաններու եւ գիւղերու մէջ: Երրորդ տարիէն սկսեալ, մենք սկսանք այցելել նաեւ Արցախ, այդպիսով կը գործէինք՝ մէկ շաբաթ Հայաստանի եւ ետքը՝ Արցախ մէջ:
Երբ մենք նոր սկսած էինք այս առաքելութիւնը, մեր խումբին մաս կը կազմէին 18-20 բժիշկ, որոնց կէսէն աւելին օտարներ էին, իսկ վերջին անգամ արդէն 40 հոգիէն աւելի էինք, այսինքն ամէն անգամ որ մեր հետ բժիշկ մը կու գար Հայաստան, այնքան ուրախ եւ գոհ կը մնար, որ կ'ուզէր յաջորդ անգամ դարձեալ գալ եւ իր հետ բերել իր գործընկերը:
Ինչ կը վերաբերի առաքելութեան պիւտճէին, ըսեմ, որ մեր առաջին առաքելութեան պիւտճէն մօտաւորպէս 300 հազար տոլարի շուրջ էր, եւ այն կամաց- կամաց աճեցաւ, հասնելով մինչեւ 800-900 հազար տոլարի, անշուշտ շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութին, իր բոլոր միութիւններով եւ անհատ բարերարներով, որոնք կը հաւատան մեր առաքելութեան, մանաւանդ որ ամէն առաքելութենէ ետք հայրենիքէն մեր վերադարձէն ետք, համայնքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ հաւաք կը կազմակերպենք, ուր կը ներկայացնենք մեր կատարած ամբողջ աշխատանքը, որ վաւերագրած կ'ըլլանք, եւ ցոյց կու տանք, թէ գումարները ինչի վրայ ծախսուած են. Այդ է պատճառը, որ բոլորը մեզի կը հաւատան եւ ամէն տարի աւելիով նեցուկ կը կանգնին: Եւ անշուշտ այստեղ դարձեալ մեծ ներդրում ունի հիւպատոս պարոն Աբգարեանը, որ կը կազմակերպէ այդ դրամահաւաքները:
Նախաձեռնութեան շրջածիրէն ներս, բժշկական առաքելութեան կողքին, պրն. հիւպատոսը նաեւ քաղաքական կարեւոր գործունէութիւն կը կատարէ, օրինակ՝ ասկէ 3 տարի առաջ սենադորներ (ծերակուտականներ խմբ.՝ «Արեւելք») Հայաստան հրաւիրեց։ Անոնցէ էր յանձինս պրն. Ճիմ Քոսթա. Եւ այս տարի նոյնպէս 2 սենատոր մեզի պիտի միանայ, եւ մեծ հաւանականութեամբ անոնք նաեւ Արցախ պիտի այցելեն:
Ինչպէս ըսի, բժիշկները շրջաններ կ'այցելեն եւ կ'աշխատին գետնի վրայ՝ ուղղակի հիւանդներու հետ։ Ամերիկայէն մեր հետ նաեւ դեղորայք կը տանինք, շաքարախտ կամ ճնշում ունեցող հիւանդներէն շատերուն իրենց մէկ տարուայ պիտանի դեղորայքը կը հայթայթենք, կը գործակցինք շատ մը կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս COAF-ի (Children of Armenia Fund) SOAR-ի (Society for Orphaned Armenian Relief) եւ տարբեր հիւանդանոցներու հետ: Մեր հետ եկած նեղ մասնագէտներ ծանր վիրահատութիւններ կը կատարեն Երեւանի մէջ: Այստեղ որպէս օրինակ կ'ուզեմ պատմել, երկու տարի առաջ Մասիսի շրջանին մէջ յայտնաբերեցինք հիւանդ մը՝ 13 տարեկան երեխայ, որ պէտք է անպայման մինչեւ 14-15 տարեկանը վիրահատուէր, իսկ Հայաստանի մէջ միջոցը չունէին, ուստի մենք ծանօթանալով հիւանդութեան, խումբի ղեկավար պրն. Աբգարեանը Ամերիկայէն մասնագէտը գտաւ, որ մեր յաջորդ այցին բժիշկը իր օգնականներով մեր հետ Հայաստան ժամանեց եւ վիրահատութիւնը Հայաստանի մէջ կատարուեցաւ . այսօր այդ տղան կայ, ողջ ու առողջ է, այսպիսի յատուկ բաներ ալ կ'ընենք:
Այս անգամ ալ մեր, դժբախտաբար, անդամալոյծ դարձած, ուղեղէն վնասուած եւ նման ծանր պարագաներով զինուորներու բժշկութեան համար յատուկ մասնագէտներ պիտի հրաւիրենք։ Վերջին այցիս այդ զինուորներու առողջական վիճակին մասին ամբողջ պատմութիւնը հաւաքեցի եւ թուղթերը հետս բերի, որպէսզի ցոյց տանք մասնագէտներուն եւ նայինք ինչպէս կրնանք այդ զինուորներուն աւելի օգտակար ըլլալ, իրենց կեանքի որակը աւելիով բարելաւել:
Հայաստան գտնուած ժամանակս նաեւ զոհուած զինուորի մը ընտանիքին ծանր վիճակին մասին լսեցի, հայրը զոհուած, մայրը 2 անգամ կաթուած տարած, 6 երեխայ ունի, որոնցմէ ամէնէն մեծը 13 տարեկան է, նաեւ կնոջ աներհայրն ու աներմայրը, ընդհանուր 9 հոգիէ բաղկացած ընտանիքը կ'ապրի մէկ սենեակի մէջ, փլատակ խոհանոցով, երբ այցելեցի ընտանիքին, այրիին խոստացայ, որ տան հարցով կը փորձենք օգտակար դառնալ, որովհետեւ այդ տան մէջ ապրիլը կարելի չէ։ Ամերիկա հասնելէս ետք պրն. հիւպատոսին հետ խորհրդակցելով, եւ շնորհիւ Ֆրեզնոյի Հ.Մ.Ը.Մ. «Սասուն» մասնաճիւղին, այդ գումարը հաւաքեցինք եւ մօտ օրէն այդ ընտանիքին 4 սենեականոց տուն մը պիտի ապահովենք Մասիս շրջանին մէջ:
Մեր մեծ իրագործումներէն մէկը եղած է նաեւ Աշտարակի հիւանդանոցի վիրահատարանի վերանորոգումը, որ ամերիկեան բարձր չափանիշերով վերանորոգուեցաւ։ Մօտաւորապէս 340 000 տոլար ծախսուեցաւ այդ վիրահատարանի նորոգման համար ,եւ այդ գումարը հայթայթեցին երկու ամերիկահայեր, որոնք մեզի հետ եկան, ու բացման ԱՄՆ դեսպանն ալ ներկայ եղաւ:
-Ինչպէս ըսիք, Ձեր պատուիրակութեան մէջ եղած են նաեւ օտար բժիշկներ, ինչպէ՞ս կը մօտենան անոնք Հայաստանի այսօրուայ վիճակին, ինչո՞ւ կ'ուզեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալ:
Այո, խումբին կէսը լրիւ օտարներ են՝ ամերիկացի, որոնք մեզի հետ կու գան եւ կ'աշխատին շատ մեծ սիրով եւ հաճոյքով, եւ շատ լաւ տպաւորութիւններով կը վերադառնան այնտեղէն։ Անշուշտ մենք եւս մեծ ճիգեր կը գործադրենք, որպէս օտար բժիշկները դրական տպաւորութիւններով ետ դառնան ու իրենց կարգին ալ Հայաստանի ու հայութեան մասին դրական վկայութիւններ տան։
Այս տարի օտար բժիշկներուն յարմար տեղեր ապահովելէ բացի, պիտի գործակցինք նաեւ բժիշկ Թամանեանին եւ իր խումբին հետ։ Մեր բժիշկները այնտեղ դասախօսութիւններ պիտի տան, որպէսզի հայաստանցի բժիշկները աւելի լուսաբանուին եւ մօտէն ծանօթանան ամերիկեան բժշկութեան, փորձառութեան, եւ նաեւ ամերիկացի բժիշկներն ալ օգտուին այդտեղի մասնագէտներէն։ Ի վերջոյ երկու կողմերուն միջեւ գիտելիքներու փոխանակութիւն ըլլայ, բան մը որ շատ դրական է եւ Հայաստանին եւ ամերիկացի բժիշկներուն համար։
-Այս այցը Ձեր առաջին այցն էր հայրենիք պատերազմէն ետք. Ի՞նչ նկատեցիք, ի՞նչ էր ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնը:
Ես անձնապէս Հայաստան կ'երթամ ոչ թէ օգնելու համար, այլ օգտուելու համար, որովհետեւ այն ինչ մենք կու տանք հայրենիքին ոչինչ է հայրենիքէն մեր ստացած ուժին եւ եռանդին դիմաց. ես ու տիկինս, որ նոյնպէս բժիշկ է՝ մանկաբոյժ՝ Կարինէ Լեփեճեան, ամէն տարի Հայաստան կ'երթանք եւ աւելի լիցքաւորուած, կազդուրուած, աւելի ամուր, ցտեսութիւն կ'ըսենք հայրենիքին, ետ կը վերադառնանք օտար ափեր, եւ մեր եկած օրէն կը սկսինք ծրագրաւորել մեր յաջորդ այցը:
Շիտակը, այս անգամ տպաւորութիւնս տարբեր էր, ես միշտ հայրենիք կ'երթայի եռանդով, բայց այս այցելութիւնը տարբեր էր... հոգիս ձեւով մը կոտրուած էր, բայց ատի չի նշանակեր որ տկար ենք կամ պիտի տկարանանք, ընդհակառակը, ատի մեզի աւելի պիտի մղէ որ դարձեալ երթանք եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնենք, ինչու չէ նաեւ օգտուինք: Իրականութեան մէջ, քիչ մըն ալ զարմացած էի, տեսնելով, թէ ինչպէս Երեւանի կեդրոնը խճողուած է, ճաշարանները պարապ տեղ չկան, կարծես բան մը չէ եղած... բայց երբ Երեւանէն դուրս ելայ եւ Գիւմրի, ու Մասիս երթալով վիրաւոր զինուորներուն այցելեցի, խայտառակ խեղճուկ վիճակ էր...։
Մտատանջումներ ապրեցայ ու մտածեցի, որ ուր են համահայկական հիմնադրամին կողմէ եղած մեծագումար փոխանցումները։ Նաեւ վհատեցնող էր ժողովուրդի վիճակը, ես որ Հայաստան ուսանած եմ եւ ամէն տարի կ'այցելեմ, դեռ այսպիսի պառակտուած վիճակ չէի տեսած հայրենիքի մէջ, եւ ատի ամէնէն մտահոգիչն էր։
-Հայաստանի մէջ կ'ապրինք բաւական ծանր ժամանակներ, պատերազմէն ետք ամենամեծ խնդիրը Հայաստանի համար անվտանգութեան ապահովման հարցն է, դուք որպէս ամերիկահայ ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս բոլորը, ի վերջոյ ի՞նչ պէտք է ընենք որպէս ժողովուրդ, այս վիճակէն դուրս գալու համար:
Անվտանգութեան ապահովման համար միակ միջոցը մեր միակամ ըլլալն է, այլապէս մեզի ոչ արեւելքը, ոչ հիւսիսը, ոչ հարաւը, ոչ ալ արեւմուրքը կրնայ օգնել: Անվտանգութեան ամէնէն մեծ երաշխիքը մեր միասնականութիւնն է, միասնական ըլլալու համար ալ համախմբող ղեկավար մը պէտք է, բայց նոյնիսկ եթէ չունենանք այդ ղեկավարը, պէտք է ամէն գնով ջանանք միասնակամ ըլլալ։ Մեր անվտանգութեան երաշխիքն է նաեւ մեր խելքը, եւ՝ ճիշդ ձեւով համագործակցութիւնը սփիւռքին հետ: Դժբախտաբար, տարիներէ ի վեր այսպէս ապիկար, այսպէս անշնորհք գործակցութիւն չէի տեսած ես սփիւռքի հետ։ Գիտենք նախկիններու ժամանակ թերութիւններ կային, բայց սփիւռքի այսքան թերագնահատումը շատ ցաւալի կը համարեմ։ Ես կը հաւատամ, այո՛, հայրենիքը մեզի համար խարիսխ է, ամէն ինչ է, բայց հայրենիքին համար ալ սփիւռքը շատ կարեւոր գործօն է, բայց հայրենիքի մէջ աթոռի վրայ նստող ղեկավարները պէտք է արժեւորեն այդ մէկը, պէտք է անկեղծօրէն գործակցին, մօտենան, սիրաշահին սփիւռքը։ Ես կը վստահեցնեմ, որ սփիւռքի մէջ շատ պահուած գանձեր կան, կարեւորը զանոնք գտնալն ու գործի լծելն է՝ ի շահ հայրենիքի. Եւ, նորէն կ'ըսեմ, այդ մէկը Հայաստանի մէջ աթոռի, պաշտօնի վրայ նստած մարդոց գործն է: