Պէտք է յիշենք, որ Սփիւռքի հայկական ոգիի ամրոց-քաղաքներն ու աւանները միայն անցեալի յիշատակներ չեն։ Անոնք այսօր ալ ապրող հայկական ներկայութիւններ են եւ արժանի են մեր սիրոյն ու հոգատարութեան։
Ի վերջոյ հայաշունչ՝ Քեսապը այդ ամրոցներէն մին է։
Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Քեսապի իմ սեփական աղբիւրներէն լաւ լուրեր ստացայ ճիշդ տարի մը առաջ «հանրահռչակուած» Պապուճեան քոյրերուն մասին։
Տարի մը առաջ էր, որ գրառում մը կատարած էի անոնց մասին, կցելով նաեւ այսօր երեւցող տեսանիւթը։
Վիտէօն կը ներկայացնէր զիրենք բաւական տխուր վիճակի մը մէջ։
Իրենց բնակարան եկած էին Սուրիոյ վարչակարգը տապալող զինեալ ներկայացուցիչներ ու իսլամական աղօթքը «կը հրամցնէին» քոյրերուն։
Իրավիճակը բաւականին ցնցող էր, եթէ այն տեղադրէինք կրօնափոխութիւն կամ ստիպմամբ իսլամը ընդունելու երեւոյթներուն զուագհեռ…
Բայց իրողութիւնը եւ փաստացի իրականութիւնն այլ է։
Մեր հայրենակցուհիները սովորականին պէս կը շարունակեն իրենց կեանքը, կ՚ապրին որպէս հայեր, անոնց վիճակը տանելի է ու կը ստանան անմիջական աջակցութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ու Քեսապի միւս բոլոր բարեսիրական մարմիններուն։
Այս բոլորը գրելէն անդին, անգամ մը եւս պէտք է կարեւորել Սփիւռքի հայկական ոգիի ամրոց-քաղաքներն ու աւանները, որոնցմէ է սիրելի Քեսապը, եւ որոնք արժանի են մեր սիրոյն ու հոգատարութեան
Յիշեցնեմ, որ Պապուճեան քոյրերը կը պատկանին Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքին։ Երկար տարիներ ապրած են Քեսապի Քարատուրան շրջանին մէջ, իսկ վերջին տեղահանութենէն ետք տեղափոխուած են Լաթաքիա՝ կամ Լաթաքիոյ մերձակայք գտնուող աւան մը։
Անոնք նաեւ հանրածանօթ դարձած էին Սուրիոյ պատկերասփիւռի կայաններէն սփռուող «Տահիյէ-տահիա» տեսաշարին շնորհիւ, որ նկարահանուած էր իրենց տան մէջ։
2023-ին Թուրքիան հարուածած երկրաշարժին հետեւանքով ծանր վնասներ կրած էր նաեւ անոնց բնակարանը։ Ընդհանրապէս քոյրերը կ՚ապրէին եւ տակաւին կ՚ապրին ծանր չքաւորութեան ու դժուար պայմաններու մէջ։
Այս պայմաններուն մէջ պէտք է հասկնալ նաեւ այսօրուան տեսանիւթը։
Այս պատճառով այս պատմութիւնը պէտք է մեզի համար ըլլայ նաեւ ահազանգ։
Ոչ միայն Քեսապի հայերը, այլեւ Սուրիոյ բոլոր հայերը պէտքն ունին մեր ուշադրութեան, հոգատարութեան եւ գործնական աջակցութեան։
Պէտք է յիշենք, որ Սփիւռքի հայկական ոգիի ամրոց-քաղաքներն ու աւանները միայն անցեալի յիշատակներ չեն։ Անոնք այսօր ալ ապրող հայկական ներկայութիւններ են եւ արժանի են մեր սիրոյն ու հոգատարութեան։
Ի վերջոյ հայաշունչ՝ Քեսապը այդ ամրոցներէն մին է։