image

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պայմանաւորուած են սահմանազատումն իրականացնել հիւսիսէն հարաւ

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պայմանաւորուած են սահմանազատումն իրականացնել հիւսիսէն հարաւ

Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը պայմանաւորուած են պետական սահմանի սահմանազատման աշխատանքները իրականացնել հիւսիսէն հարաւ։ Այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը պայմանաւորուած են, որ պետական սահմանին սահմանազատման գործընթացը պիտի իրականացուի հիւսիսէն հարաւ՝ սկսելով Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմաններու հատման կէտէն։

Նախարարը նշած է, որ ատրպէյճանական կողմէն սահմանազատման պետական յանձնաժողովը կը գլխաւորէ փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւը։

 

«Ատրպէյճանական կողմէն սահմանազատման պետական յանձնաժողովի կազմը կը մնայ անփոփոխ։ Յանձնաժողովը կը գլխաւորէ փոխվարչապետ պարոն Շահին Մուսթաֆաեւը։ Պարբերաբար տեղի կ՚ունենան յանձնաժողովներու հանդիպումներ եւ քննարկումներ։ Հայաստանի մէջ համապատասխան յանձնաժողովը նոյնպէս կը գլխաւորէ փոխվարչապետը», – նշած է Ճէյհուն Պայրամով։

Անոր խօսքով՝ անցած ժամանակահատուածին երկու երկիրներու յանձնաժողովներուն միջեւ տեղի ունեցած են բազմաթիւ հանդիպումներ, իսկ յանձնաժողովներու գործունէութիւնը կարգաւորող շարք մը փաստաթուղթեր ընդունուած եւ հաստատուած են թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի մէջ։

«Կայ պայմանաւորուածութիւն այն մասին, թէ որ ուղղութենէն պէտք է սկսի եւ հետագային առաջ ընթանայ մեր ընդհանուր սահմանի սահմանազատման գործընթացը։ Կայ համաձայնութիւն եւ փոխըմբռնում այն մասին, որ աշխատանքները պիտի սկսին սահմանի առաւել բարդ՝ հիւսիսային հատուածէն՝ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմաններու հատման կէտէն, եւ պիտի յառաջանան հիւսիսէն հարաւ», – յայտարարած է նախարարը։

Ճէյհուն Պայրամով ընդգծած է, որ աւելի մասնաւոր հարցերը պիտի քննարկուին սահմանազատման յանձնաժողովներու աշխատանքներուն ընթացքին, եւ կ՚ակնկալուի անոնց լուծումը։

 

«Ինչ կը վերաբերի աւելի մասնաւոր մանրամասնութիւններուն, ապա, բնականաբար, բոլոր հարցերը ըստ անհրաժեշտութեան եւ համապատասխան ժամանակին պիտի քննարկուին, եւ կ՚ակնկալուի, որ անոնք եւս պիտի լուծուին։ Այս կամ այն բնակավայրերուն վերաբերող հարցերը պիտի քննարկուին սահմանազատման յանձնաժողովի աշխատանքներու շրջածիրէն ներս», – յայտարարած է նախարարը։