image

Լիբանանի Հնչակեան կուսակցութիւնը նոյնպէս դժգոհ է իրավիճակէն

Լիբանանի Հնչակեան կուսակցութիւնը նոյնպէս դժգոհ է իրավիճակէն

Լիբանանի Հնչակեան կուսակցութիւնը նոյնպէս դժգոհ է նախարարական խորհուրդի կազմութեան շուրջ ընթացող վերջին զարգացումներէն: Այս մասին կը տեղեկանանք Լիբանանէն:

Այս թեմայի մասին այսօր նաեւ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է Լիբանանի  Ս.Դ.Հ. Կուսակցութեան ատենապետ եւ նախկին երեսփոխան Սեպուհ Սեպուհ Գալփաքեանը:

Գալփաքեան, որ խօսած է «Արարատ» օրաթերթին, նշած է, որ եթէ երկու հայ առաքելական նախարարներէն մէկը վերապահուած է կուսակցութեան մը, ապա երկրորդ հայ նախարարի անուանումը պէտք է վերապահուած ըլլայ միւս կուսակցութիւններուն, որոնք եւս գործօն մասնակցութիւն ունին լիբանանահայ եւ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ:

Հնչակեան ղեկավարը նաեւ նշած է, որ նման պարագային աւելի ճիշդ կ'ըլլայ, որ որեւէ հայկական կուսակցութիւն մաս չկազմէ նոր կազմուելիք կառավարութեան: