image

Արագ սնունդը, նաեւ առողջապահական սնունդ. Զրոյց՝ Նոէլ Փամպուքեանի հետ

Արագ սնունդը, նաեւ առողջապահական սնունդ. Զրոյց՝ Նոէլ Փամպուքեանի հետ

Հարցազրոյց ՝«ՓԻՔ» արագ եւ առողջ սնունդի ընկերութեան գլխաւոր տնօրէններէն՝ Նոէլ Փամպուքեանին հետ։Նշենք, որ «ՓԻՔ» ընկերութիւնը վերջերս արժանացած էր  Քուէյթեան մեծ մրցանակի։

 

Ըլլալով Քուէյթի «ՓԻՔ» արագ եւ առողջ սնունդի ընկերութեան գլխաւոր տնօրէններէն մէկը, հակիրճ պատմական մը կրնա՞ք տալ ընկերութեան մասին։

«ՓԻՔ» արագ եւ առողջ սնունդի ընկերութիւնը հիմնուած է 2010 թուականին Քուէյթի մէջ։ Ան առաջին մասնաճիւղը բացած է Քայֆան քաղաքին մէջ։ Ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակը կը գտնուի Քուէյթի Արտիա քաղաքին մէջ։ Ներկայիս, Քուէյթի մէջ ունինք երեսուներեք մասնաճիւղ։ 2022-ին «ՓԻՔ»-ը մասնաճիւղ մը ունեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, որ կը հանդիսանայ մեր մասնաճիւղերուն ամենամեծը։

 

Որո՞նք են ընկերութեան հիմնադիրները։

«ՓԻՔ»ը հիմնուած է երեք գլխաւոր անձերէ, որոնցմէ երկուքը Քուէյթիներ են՝ Ժասէմ Ալտուայժը եւ Պատըր Ալ Օքայլին եւ երրորդը ես եմ, որ եկած եմ ԼիբանանէՆ։

 

Ի՞նչ բանով կը տարբերի «ՓԻՔ»ը այլ արագ սնունդի ճաշարաններէն։ Ինչո՞վ իւրայատուկ է։ 

«ՓԻՔ» ընկերութեան ուտելիքի նշանաբանն է.«Ան ոչ միայն ապրելակերպ է, այլեւ՝ կեանք»։ Մեր նպատակն է հրամցնել առողջ սննդատեսակ եւ ցոյց տալ, թէ արագ սպասարկութեամբ (fast food) եւ մատչելի գին ունեցող ուտելիքն ալ կրնայ առողջ սնունդ ըլլալ։ «ՓԻՔ»-ը ունի հարուստ եւ բազմազան ճաշացուցակ մը, թարմ եւ բարձրօրակ բաղադրութեամբ։ «ՓԻՔ»-ը կ՚արտադրէ նաեւ բնական մածունով պատրաստուած պաղպաղակ՝ զանազան համերով։

Ինչո՞ւ ընտրած էք «ՓԻՔ» անունը։ Ի՞նչ բանի վրայ հիմնուելով։

«ՓԻՔ» անգլերէնով կը նշանակէ ընտրել, հետեւաբար՝ ընտիր ուտելիքը ընտրել։ «ՓԻՔ» ընկերութեան «լոկօ»ն անձրեւի կաթիլն է։ Երբ միացնես բթամատդ ցուցամատիդ ցոյց տալով հաւանութեան կամ ընտիր ու համեղ ըլլալու նշանը, երկու մատներուն միջեւ կը ստանաս անձրեւի կաթիլի ձեւ։Այս է միտք բանին։

«ՓԻՔ»ի ճաշատեսակներուն կամ ճաշացուցակին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել։ Ինչո՞վ կը յատկանշուին։

«ՓԻՔ»ի ճաշացուցակին մէջ նշուած է իւրաքանչիւր ուտեստի բաղադրութիւնը, մէկ ճաշաբաժինի ջերմուժի՝ քալորիներուն քանակը, ինչպէս նաեւ անոր սննդական արժէքը՝ թէ որքան սպիտ (փրոթէին), բնաթելեր (Ֆայպըրս), բնածխաջրատ (քարպոհայտրէյթ) եւ ճարպ (ֆէթ) կը պարունակէ։

Հաւատալով առողջ եւ որակաւոր սնունդին, «ՓԻՔ»ը իր ճաշատեսակներուն եւ խմիչքներուն մէջ շաքար չ՚օգտագործեր, այլ զայն կը փոխարինէ «սթէվիա»-ով, որ կ՚առաջանայ նմանանուն բոյսէ մը եւ որ սովորական շաքարէն շատ աւելի քաղցր է եւ ջերմուժ, ճարպ, բնածխաջրատ եւ արուեստական տարրեր չի պարունակեր։

«ՓԻՔ»ը իր մսեղէնը կը ներածէ հետեւեալ երկիրներէն՝ հնդկահաւի միսը Պէլճիքայէն, կովու կամ հորթի միսը՝ Փարակուէյէն, իսկ հաւու միսը՝ Արաբական էմիրութիւններէն։

Ձեր ընկերութիւնը շահած է զանազան մրցանակներ։ 2022-ին միջազգային նոր մրցանակ մը ստացաք։ Ի՞նչ կը ներկայացնէ այդ մրցանակը։ Ի՞նչ է անոր արժէքը։

2022-ին, «ՓԻՔ»-ը մասնակցեցաւ արագ սնունդի գնահատման՝ Service Hero «Սըրվըս Հիրօ» միջազգային մրցոյթին եւ գրաւեց առաջին տեղը։ Մրցոյթին կը մասնակցէին արագ սնունդի մեծ եւ միջազգային անուններ։ Մեզի համար մեծ պատիւ էր այդ բոլորին մէջ առաջին դիրքը գրաւելը։

Պրն. Փամպուքեան, սնունդի ոլորտին նախապէս ծանօ՞թ էիք, թէ Քուէյթ փոխադրուելէն ետք սկսաք այս գործով զբաղիլ։

Ես տասնօթը տարիներէ ի վեր կ՚ապրիմ Քուէյթի մէջ։ Սպասարկման եւ ուտելիքի ոլորտի մէջ ունէի մեծ փորձառութիւն, նախքան Քուէյթ մեկնիլս։ Լիբանանի մէջ աշխատած եմ «Ինթըրքոնթինէնթըլ Ֆինիսիա» հիւրանոցը։ Լիբանանի Զահլէ շրջանին մէջ ունէի ճաշարան մը։ 2006-ի Յուլիսեան պատերազմին, փակեցի ճաշարանը ու մեկնեցայ Քուէյթ։ Նախքան Քուէյթի մէջ առանձին գործ հիմնելը, երկու տարի աշխատած եմ լիբանանեան «Փաթչի» ընկերութեան Քուէյթի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ մօտ չորս տարի՝ «Քրաուն Փլազա» հիւրանոցին մէջ։ 

Իմացանք,թէ «ՓԻՔ» ընկերութիւնը ընդլայնած է իր գործունէութիւնը նաեւ այլ մարզերու մէջ։ Յաւելեալ լուսաբանութիւն մը կրնա՞ք ընել։

«ՓԻՔ»ի կողքին հիմնեցի նաեւ հինգ այլ ընկերութիւններ՝ սննդամթերքի արտադրութեան, ճաշարաններու սարքաւորման, ճաշարաններու յարդարման, սննդանիւթերու հայթայթման եւ սպասարկման, ինչպէս նաեւ «լոճիսթիքս» ընկերութիւն մը։ Այժմ ընկերութիւնը ունի աւելի քան 350 սպասարկման ինքնաշարժեր։ Հետեւաբար մեր ճաշարանի հիմնական եւ առանցքային պէտքերը կը հայթայթուին մեր միւս ընկերութիւններուն կողմէ։

Կը փափաքի՞ք «ՓԻՔ»ի մասնաճիւղ մը բանալ նաեւ ձեր ծննդավայր՝ Լիբանանի մէջ։

Ցանկութիւնս է ծննդավայրիս՝ Լիբանանին մէջ նաեւ հիմնել մասնաճիւղեր, սակայն, երկրին ներկայ պայմաններն ու անկայուն վիճակը  բնաւ քաջալերող չեն նմանատիպ քայլեր առնելու։