Ամերիկահայ գործարարը լրագրողներու հետ զրոյցին յոյս յայտնած է, որ խաղաղութեան գործընթացը պիտի նպաստէ բոլոր գերիներու, այդ շարքին իր ընկերոջ`Ռուբէն Վարդանեանի ազատ արձակման:
«Յոյսով եմ, որ խաղաղութեան եղանակի ընթացքին ե՛ւ խաղաղութիւն, ե՛ւ արդարութիւն կը տիրէ»,- նշած է ան:
Աֆէյեանն ըսած է, որ արդէն 2 տարի է իրենք բաւական գործ կը տանին եւ կրցածնին կ՚ընեն, որ թէ՛ այլ երկիրներու ղեկավարները, թէ՛ այստեղի կառավարութիւնը ուշադրութիւն դարձնեն։
«Յոյսով եմ`կը յաջողինք»,- ըսած է ան։