image

«Կովերու պարտէզ»ի հարցը տատանումէ-տատանում. Հնչե՞ց արդեօք մեծ լուծումներու ահազանգը...

«Կովերու պարտէզ»ի հարցը տատանումէ-տատանում. Հնչե՞ց արդեօք մեծ լուծումներու ահազանգը...

 Օրեր առաջ տեսանիւթ մը տարածուած էր համացանցի վրայ, ուր շատերուն ծանօթ հանդիսացող համայնքի անդամ մը իր «սրտի խօսք»ը կուղղէր ներկաներուն ու կը պահանջէր անոնցմէ, որ «Կովերու գործարք»ին դէմ դնելու կողքին հետապնդեն Նուրհան Պատրիարքի իր պաշտօնէն հեռացնելու հարցը։ 

 Ու այստեղ է անշուշտ, որ թաղուած է «շան գլուխ»ը, այն իմաստով, որ  արդեօք Նուրհան Պատրիարք    պիտի շարունակէ կատարել  իր պարտականութիւնները կամ  պիտի հեռանայ  (կամ ալ հեռացուի)   իր պաշտօնէն ...։

 Ինչ խօսք, որ բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ «Կովերու պարտէզ»ի   տխրահռչակ  գործարքի թիւ մէկ պատասխանատուն ՝ Երուսաղէմի Հայոց Նուրհան Պատրիարքն է, ու «Կովերու գործարք»ի չեղեալ համարուիլը, արդեօք պիտի փարատէ՞ անոր սխալ որոշումներու եւ սխալ գործունէութեան պախարակելի մեղքերը։

 Հարցումը տեղին է ու կարեւոր։

 

 

 

 

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան «անսպասելի» ժողովը... 

Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ անցնող 24 Սեպտեմբերին Երուսաղէմի մէջ ապահովաբար ունի քիչերուն յայտնի նախապատմութիւն մը։

Խօսքն անշուշտ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական ժողովին մասին է, որուն գումարումը շատերուն համար անսպասելի կը համարուէր։

 Միաբանութեան մէջ առկայ լարումը մասամբ կը փարատէր 2023 թուականի Մայիսին, երբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան կարգալոյծ կը յայտարարէր միաբանութեան «երկրորդ մարդ» հանդիսացող Հայր Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեանը, որ մինչեւ կարգալոյծ հռչակուիլը կը վարէր ամենազգայուն պաշտօն համարուող՝ Կալուածոց Տեսուչի պաշտօնը։ 

Այդ որոշումը կերպով մը կը դառնար «զենիթ»ը այն զարգացումներուն ու մանաւանդ խմորումներուն, որ մեզի հասցուցին այս օրուան։ 

 Արդիւնքը միայն Հայր Պարէտի հեռացուիլը կամ վտարուիլը չէր, այլ նաեւ  նոր փուլի մը մեկնարկը, որ  պիտի աւարտէր  «Կովերու պարտէզ»ի գործարքը   պաշտօնական մերժումով։

 Այս բոլորը ներկայացնելէ անդին յօդուածի այս մասով կարճ անդրադարձ պէտք է ընեմ այն հանգամանքներուն մասին, որոնց հետեւանքով օրեր առաջ գումարուեցաւ Միաբանական  ժողովը, որուն ներկայ եղան այնպիսի  միաբաններ , որոնք  մինչ  այդ Պատրիարքին համար կը համարուէին «անընդունելի» անմարսելի, եւ կարգ մը առումներով ալ անբաղձալի անուններ։ 

 Այս ժողովի գումարման մասին ակնարկելով հարկ է անշուշտ հաշուի առնել, որ այս առումով մեծ եւ կարեւորագոյն ճիգ գործադրեց Երուսաղէմի Միաբանութեան վաւերական դէմքերէն հանդիսացող՝ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանը (որ ներկայիս կը վարէ ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի եւ Սուրբ Աթոռին մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչի պաշտօնը) առանց որուն անդուլ եւ անկեղծ ճիգերուն անկարելի պիտի ըլլար, որ նման ժողով մը գումարուի։  Այս առումով յստակ է անշուշտ, որ մեծ եւ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որուն գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ապահովաբար ցոյց  տուած է իր ամբողջական նեցուկն ու զօրակցութիւնը, որպէսզի կապերու վերադասաւորում մը իրականացուի Մայր Աթոռին ու Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռին միջեւ։ Եւ այս   բոլորին արդիւնքն էր անշուշտ,  որուն իր համայնքէն մասամբ կտրուած ու «կղիզացած» կեանք մը վարող Պատրիարքը կը  յօժարէր, որ  «Կովերու պարտէզ»ի օրակարգով դռնփակ ժողով մը գումարուի։

 Ընթերցողներու յիշողութիւնը թարմացնելու համար, հարկ է նշել, որ երկու Աթոռներու գահակալներուն միջեւ «անհասկնալի» արմատներ ունեցող վէճ մը ծագած էր, ու այդ առումով ալ Նուրհան Պատրիարք իր անձին թոյլ տուած էր արտայայտուելու բաւական անպաճոյճ եւ կրօնաւորի ոչ վայել խօսքերով։  Մամուլին մէջ երեւցած այդ վէճերու ալիքը կը փարատէր եւ վրայ կը հասնէր «լռութեան» եւ «քէն»ի փուլ մը, որուն ընթացքին ալ Նուրհան Պատրիարք հեռու կը մնար Հայաստան ու Մայր Աթոռ այցելութեան բոլոր պատեհ առիթներէն։

 Այս փուլն անշուշտ կը դառնար երկրդորդական, մինչեւ այն օրը, երբ 2021-ին «ռումբ»ի մը նման «կը պայթէր» «Կովերու պարտէզ»ի գործարքի լուրը, որ նախ կը դառնար մամուլի հիմնական օրակարգ եւ ապա կը տարածուէր, որպէս «օրհասական մարտահրաւէր», ոչ միայն Սուրբ Աթոռին, այլ ի մասնաւորի Երուսաղէմի հայութեան՝ Սաղիմահայութեան համար։ 

 Դժգոհութեան ալիքը օրըստօրէ կ՚աճէր ու Պատրիարք Նուրհան կը յայտնուէր բաւական բարդ դրութիւններու առջեւ, որուն հիմքով ալ վիճակները «հանդարտեցնել»ու եւ իր Աթոռը պաշտպանելու համար Պատրիարքը կը հրաւիրէր՝ Միաբանական ժողով մը, որուն աւարտին Նուրհան Պատրիարք- Պարէտ Ծ. Վրդ. տարակարծութիւնը ջուրի երես կ՚ելլէր ու «սպասելիօրէն» Հայր Պարէտի կարգալուծութեան որոշումը կը հրապարակուէր։ 

 Այստեղ անշուշտ կան խորհրդաւոր թելեր, այն առումով, որ Մայր Աթոռի Երուսաղէմի հարցով նախաձեռնութիւն մը իրականացնելու կամ ներկայացնելու նախաձեռնութիւնը իրականութեան մէջ ե՞րբ մէջտեղ կու գար եւ ի՞նչ հիմքերով Նուրհան Պատրիարք մէկ գիշերուան մէջ կը մտափոխուէր ու նաեւ ճամբայ մը կ՚առնէր ամբողջապէս անվաւեր կամ «անպիտան» համարելու համար, իր ստորագրութեամբ եղած «Կովերու պարտէզ» ի գործարքը։ 

 Գործարքի վտանգաւորութեան  եւ անոր հաւանական վնասներուն մասին  բարձրաձայնելու  առաքելութիւնը    կը ստանձնէին  խումբ մը  երիտասրդ՝ Սաղիմահայերը որոնք Save the Arq անումով նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով այդ մասին կը խօսէին գրեթէ ամենտեղ։ 

Նոյն օրերուն էր նաեւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսը հեռախօսային զրոյց մը կունենար  (Հեռախօսազրոյցը կ՚իրականացուէր   30 Մայիս 2023-ին , այսինքն   հայր Պարէտի  կարագլուծութիւնէն  քիչ ժամանակ  անց) Նուրհան Պատրիարքին հետ, ու այդ մասին կ՚արտայայտուէր ընկերային ցանցերու ճամբով դիտել տալով, որ Նուրհան Պատրիարք խոստացած էր իրեն, որ «Կովերու պարտէզ»ի հարցը անպայման բարւոք լուծում մը պիտի ունենայ...։

Այս պատկերը դիտարկելէ անդին, այսօր արդէն իսկ յստակ է, որ «Կովերու պարտէզ»ի հարցի լուծման համար մեծագոյն ճիգեր իրականացուցած է Մայր Աթոռը, առանց որուն ուղղակի կամ անուղղակի միջամտութեան անկարելի պիտի ըլլար, որ Նուրհան Պատրիարք յօժարի վերջերս կատարուած փակ ժողովին ընդառաջել ու նաեւ խօսիլ ու զրուցել այն միաբաններուն հետ, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն կը հասնէին Երուսաղէմ ու մէկդի կը դնէին իրենց անհատական տարաձայնութիւնները (որոնց պատճառը շատ մը պարագաներուն՝ ինքը Պատրիարքն էր) ու գլուխ գլխի տալով հասնէին դրական աւարտին մը, որն էր չեղեալ համարել «Կովերու պարտէզ»ի շատերուն կողմէ «կասկածելի» եւ նոյնիսկ վնասաբեր համարուած գործարքը։

 

 Միաբանական ժողովի յայտարարութիւնը ։

   Ի դէպ առաջին անգամը չէր, որ «Կովերու պարտէզ»ի գործարքի հրապարակումէն ասդին միաբանութեան անդամ հայրեր իրենց ժխտական կարծիքը եւ կեցուածքը արտայայտած էին այդ գործարքին վերաբերեալ։ 2021 թուականին պատրիարքարանի միաբանութեան 17 անդամները, որոնք կը կազմեն անոր գերագոյն մարմինին մեծամասնութիւնը, հանդէս եկած էին երկու յայտարարութիւններով վարձակալութեան դէմ` պնդելով, որ պատրիարքը լիազօրութիւններ չունէր զայն ստորագրելու:

 Իսկ վերջերս ՝ 24 սեպտեմբերին պատրիարքարանի Ընդհանուր ժողովի 28 անդամները՝ աշխարհի տարբեր ծագերէն, կը համախմբուէին Երուսաղէմի մէջ՝ առաջարկուող վերատեսութեան ենթարկուած վարձակալութեան պայմանագիրի վերաբերեալ պաշտօնական դիրքորոշում որդեգրելու նպատակով:

Երկար քննարկումներէ ետք Ընդհանուր ժողովի անդամներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կ՚որոշէր՝

1) Եղբայրութեան անդամներուն կողմէ հոկտեմբեր 2021-ին եւ 15 նոյեմբեր 2021-ին գործարքը դատապարտող յայտարարութիւնները կը մնան ուժի մէջ եւ պարտաւորեցնող են:

2) 2021 թուականի յուլիս 8-ին ստորագրուած «Կովերու պարտէզ»-ի 2021 թուականի վարձակալութեան պայմանագիրը կը նկատուի անօրինական, հակականոնագրային եւ անվաւեր` Ընդհանուր ժողովի հաստատման բացակայութեան պատճառով:

3) Ընդհանուր ժողովը պաշտօնապէս կը մերժէ թէ՛ յաւելուածը, թէ՛ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հաշտութեան համաձայնագիրը:

4) Ստեղծուած է հինգ հոգեւորականներէ կազմուած յանձնաժողով, որ պատրիարքարանի իրաւաբանի հետ պիտի շարունակէ հետապնդել իսրայէլացի ներդրող «Xana Gardens» ընկերութեան դէմ ներկայացուած չեղարկման հայցը:

 Պատրիարքին ճակատագիրը՝  «անորոշ» 

  Չմոռնամ նշել, որ 2021 թուականի պայմանագիրը ստորագրած են՝ պատրիարքը, պատրիարքարանի գլխաւոր լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեանը եւ պատրիարքարանի կալուածքներու տեսուչ Պարէտ ծ. վրդ. Երէցեանը: Վէճի բռնկումէն ետք պատրիարքը Պարետ ծ. վարդապետը դարձուց քաւութեան նոխազ եւ կարգալոյծ ըրաւ զայն՝ մեղադրելով խաբէութեան մէջ: Անհաւատալի է` պատրիարքը կը պնդէր, որ պայմանագիրը ստորագրած է առանց զայն կարդալու: Եթէ ան չստորագրէր, միւս երկու ստորագրութիւնները ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենային։ Պատրիարքը ինչպէ՞ս կրնայ 98 տարուան վարձակալութեան պայմանագիր կնքել պատրիարքարանի տարածքին 25 տոկոսին վերաբերեալ` առանց նախապէս զայն կարդալու կամ առնելու իրաւական կարծիքը իր փաստաբաններուն, որոնք, ըստ լուրերուն, ներկայ եղած են: Աւելի՛ն. նման երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագիրի կնքումը՝ առանց Ընդհանուր ժողովի հաստատման, խախտում է պատրիարքարանի կանոնադրութեան:

 Ի հարկէ կարեւոր որոշումներ առնուած են Միաբան Հայրերուն կողմէ, եւ սակայն այս բոլորը բաւարար չեն, որպէսզի Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը տատանումէ-տատանում հասցուցած «Կովերու պարտէզ»ի տխուր էջը ընդհանրապէս փակուի։

 Այս առումով ալ կան տանեակ հարցադրումներ, թէ իրողապէս ի՞նչ հանգամանքներու տակ Պատրիարքը ընդունեց ստորագրել այդ կասկածելի գործարքին տակ։ 

 Իրողապէ՞ս պէտք մըն է՞ր այդ գործարքը վանքին եւ պատրիարքութեան համար, ո՞վ էր հիմնական մեղաւորը այդ բոլորին զուգահեռ եւ կարգալոյծ յայտարարուած Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեանէն բացի, որո՞նք էին հիմնական պատասխանատուները այս բոլորին զուգահեռ։ 

 Դատական հարցերուն մէջ մտնելը «լաւ ապուր» մը պիտի չբերէ պատրիարքութեան համար, այնտեղ կան շատ նուրբ, բարդ եւ ծանր կշռող նիւթեր։ Ու հոս է նաեւ, որ կը ծագի այն հարցադրումը, որ կապուած է գործարքին «մութ» կամ գաղտնի պահուած կէտերուն հետ։ Ի՞նչ պայմաններուն տակ այդ գործարքը չեղեալ կը համարուի իսրայէլեան դատարանին կողմէ, ո՞վ եւ ի՞նչքան պէտք է հատուցէ միւս կողմին ու այս բոլորէն անդին ամենակարեւորը՝ պատրիարքարանը մը ունի այս նիւթին մասին։

Մինչեւ այս պահը յստակ ձեւակերպումներ կամ տուեալներ չկան։ Կայ Պատրիարքի լռութիւնը, կայ միաբաններու անհամաձայնութիւնը, կար միջնորդութիւն մը, որ այսօր չկայ արդէն ու կայ նաեւ Կալուածոց Տեսուչ եպս.ը, որ այս ամենակարեւոր փուլին լռութեամբ կը հետեւի գործընթացներուն։

 Օրեր առաջ տեսանիւթ մը տարածուած էր համացանցի վրայ, ուր շատերուն ծանօթ հանդիսացող համայնքի անդամ մը իր «սրտի խօսք»ը կուղղէր ներկաներուն ու կը պահանջէր անոնցմէ, որ «Կովերու գործարք»ին դէմ դնելու կողքին հետապնդեն Նուրհան Պատրիարքի իր պաշտօնէն հեռացնելու հարցը։ 

 Ու այստեղ է անշուշտ, որ թաղուած է «շան գլուխ»ը, այն իմաստով, որ  արդեօք Նուրհան Պատրիարք    պիտի շարունակէ կատարել  իր պարտականութիւնները կամ  պիտի հեռանայ  (կամ ալ հեռացուի)   իր պաշտօնէն ...։

 Ինչ խօսք, որ բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ «Կովերու պարտէզ»ի   տխրահռչակ  գործարքի թիւ մէկ պատասխանատուն ՝ Երուսաղէմի Հայոց Նուրհան Պատրիարքն է, ու «Կովերու գործարք»ի չեղեալ համարուիլը, արդեօք պիտի փարատէ՞ անոր սխալ որոշումներու եւ սխալ գործունէութեան պախարակելի մեղքերը։

 Հարցումը տեղին է ու կարեւոր։

 

Սագօ Արեան 

 «Ապագայ»/Մոնթրէալ 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...