image

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պիտի լուծարուի դեկտեմբեր 1-էն ոչ ուշ. ԵԱՀԿ գործող նախագահ

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը պիտի լուծարուի դեկտեմբեր 1-էն ոչ ուշ. ԵԱՀԿ գործող նախագահ

Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբը պիտի լուծարուի դեկտեմբեր 1-էն ոչ ուշ: Այս մասին, հոկտեմբեր 14-ին, յայտարարած է ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնէն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ:

«Մենք բոլոր կէտերը կը դիտարկենք այս հարցի շուրջ: ԵԱՀԿ-ը պատրաստակամ է աջակցելու, սատարելու խաղաղութեան, դիմակայութեան Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ, յատուկ շեշտադրումը պիտի ըլլայ այնտեղ, ուր նաեւ Հայաստանը կրնայ աւելացուած արժէքով հանդէս գալ եւ տնտեսական բաղադրիչին մէջ կ՚ըլլայ, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրի եւ կլիմայի ուղղութեամբ»,-ըսած է ԵԱՀԿ գործող նախագահը։

Վալթոնէն ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը փակելու դիմումը: Ան պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Հայաստանին՝ իր բոլոր ջանքերով: