image

Կիւմրի.Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան մասնակցեցաւ հովուական ձեռնադրութեան

Կիւմրի.Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան մասնակցեցաւ հովուական ձեռնադրութեան

Օրերս Կիւմրի գտնուելով Սուրիոյ Հայ Աւետը. Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր մասնակցութիւնը բերած է հովուական ձեռնադրութեան հանդիսաւոր արարողութեան։

Ստորեւ ատոր մասին «Արեւելք»ին առաքուած հաղորդագրութիւնը՝

Միացեալ հաւատքով եւ առաքելութեամբ, Հայ Աւետարանական ընտանիքը կը տօնէ նոր հովիւներու ձեռնադրութիւնը Կիւմրիի մէջ

Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ին, Կիւմրիի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ուրախալի եւ հանդիսաւոր ձեռնադրութեան պաշտամունք, ուր Պատ. Կարէն Օչինեան եւ Պատ. Արամ Պապաճանեան ձեռնադրուեցան ի հովուական ծառայութիւն, իսկ Գրիգոր Վարդանեան եւ Արկատի Հանիսեան ստացան քարոզչութեան արտօնութիւն։

Արարողութիւնը համախմբեց ոչ միայն Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւներէն, այլ նաեւ աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած Հայ Աւետարանական Միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք միասնաբար տօնեցին հաւատքի այս ուրախ պահը։

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետը, մատուցեց Աստուծոյ Խօսքը՝ «Կանչուած՝ շնորհքով, ուղարկուած՝ զօրութեամբ» խորագրով, հիմնուած Յովհաննէս 21․15–19 եւ Եսայի 6․1–8 համարներուն վրայ։ Ան շեշտեց, թէ հովուական ծառայութիւնը մարդկային նախաձեռնութիւն չէ, այլ՝ Աստուծոյ կանչի եւ շնորհքի արդիւնք։

«Հովուութեան հիմքը Քրիստոսի հանդէպ սէրն է -,ըսաւ ան,- սէր մը, որ կը վերածուի զոհաբերական ծառայութեան՝ հնազանդելով Տիրոջ պատուէրին․ Արածէ՛ իմ ոչխարներս»։ Հովիւը կոչուած է առաջնորդելու ոչ թէ իր, այլ Տէրոջ հոտը՝ սնուցելով զայն Աստուծոյ Խօսքով եւ կենդանի օրինակով։

Անդրադառնալով մեր ժամանակներու մշակութային, աշխարհաքաղաքական, մասնագիտական եւ հոգեւոր մարտահրաւէրներուն, Վեր. Սելիմեան նշեց, թէ անոնց դիմադրելու միակ ուժը Սուրբ Հոգիի զօրութիւնն է։

Պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ, իբրեւ վկայութիւն նոր նուիրումի եւ հաւատարմութեան Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովուական ծառայութեան մէջ։