image

«Անջնջելի է անոր հետքը». Երեւանի մէջ մահացած է նուիրեալ Հնչակեան Յարութ Աբգարեան

   «Անջնջելի է  անոր հետքը». Երեւանի մէջ  մահացած է նուիրեալ Հնչակեան Յարութ Աբգարեան

Օրերս Երեւանի մէջիր մահկանացուն կնքած է Հալէպի հայկական համայնքի սիրուած անդամներէն, նուիրեալ Հնչակեան  Յարութ Աբգարեան։

 Սոյն տխուր լուրին մասին «Արեւելք» իմացաւ՝ համացանցէն։

 Ստորեւ  կը ներկայացնենք   ՍԴՀԿ Հալէպի շրջանի պատասխանատուներէն՝  Աւօ Խոշաֆեանի գրառումը՝

 

Խոր վիշտով տեղեկացանք ընկ. Յարութ Աբգարեանի անակնկալ մահուան լուրը, որ պատահած է հայաստանի մէջ Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2025-ին։ Ողբ. ընկ. Աբգարեան եղած է Հալէպի շրջանի նուիրեալ եւ օրինապահ շարքայիններէն, իր բծախնդիր նկարագրով գործած է Հալէպի Հ.Մ.Մ.-ի վարչութեան մէջ, ստանձնած է փողերախումբին պատասխանատուութիւնը։ Ան մաս կազմած է նաեւ Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութեան վարչութեան։ Իր ծննդավայր Հալէպի մէջ ապրած կեանքի ընթացքին անջնջելի հետք ձգած է մինչեւ Հայրենիք հաստատուիլը։ 

Իր ծառայութեամբ եղած է նուիրումի եւ զոհողութեան խորհրդանիշ։

Իր գործունէութեան ընթացքին որպէս փորձառու պատասխանատու նպաստած է միութենական աշխատանքներու յաջողութեան եւ վերելքին։ 

Ընկ. Յարութ Աբգարեանի մահուամբ կորսնցուցինք նուիրեալ գործիչ մը, յարգելի ընկերը ճանչցողները կրնան վկայել։ 

Ընկեր Աբգարեան, հոգիդ հանգչի խաղաղութեամբ ծննդավայրէդ հեռու, բայց հայրենի հողին մէջ։