image

Արամ Գարատաղլեան Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու գործադիր մարմնի անդամ՝ երկրորդ շրջանի մը համար

Արամ Գարատաղլեան Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու գործադիր մարմնի անդամ՝ երկրորդ շրջանի մը համար

Այս չորս անդամներէն, երկրորդ շրջանի մը համար ընտրուեցաւ հայ թեկնածու մը, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան: 

«Արեւելք», (Պէյրութ) Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2025-ին, կ.ե. ժամը 4:00-ին, Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու քարտուղարութեան նոր գործադիր մարմնի անդամներու ընտրութիւնը: 

 

Գործադիր մարմինը կը բաղկանայ ութ անդամներէ, որոնցմէ չորսը նշանակովի են. նշանակուողները կ'ըլլան այն վարժարաններու համախմբումներէն, որոնք ամենաշատ աշակերտներ ունին, իսկ միւս չորսը՝ ընտրովի: Այս խորհուրդը՝ գործադիր մարմինը, ուղղակի կ'օժանդակէ ընդհանուր քարտուղարին 4 տարիներու շրջանի մը համար:

 

Այս չորս անդամներէն, երկրորդ շրջանի մը համար ընտրուեցաւ հայ թեկնածու մը, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան ներկայացուցիչ եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան: 

 

Նշենք, որ 2021-ին Արամ Գարատաղլեան առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած էր Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու գործադիր մարմնի անդամ, դառնալով մարմնի պատմութեան մէջ առաջին հայ անդամը։ Գարատաղլեան անդամ է նաեւ միեւնոյն քարտուղարութեան ուսումնական յանձնախումբին, ու կը վառէ կաթողիկէ անկլոֆոն վարժարաններու ընդհանուր համակարգողի պաշտօնը: 

 

Յայտնենք, որ Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը համախմբէ Լիբանանի բոլոր Կաթողիկէ համայնքներու վարժարանները, որոնց թիւը կը հասնի 320-ի եւ անոնց աշակերտութիւնը՝ 190.000-ի: