image

Ուրախ լուր Հալէպէն. լոյս աշխարհ եկած է Կարօ Բարսո Մաթոսեանը (Լուսանկար)

Ուրախ լուր Հալէպէն. լոյս աշխարհ եկած է Կարօ Բարսո Մաթոսեանը (Լուսանկար)

Ուրախալի լուր ստացանք Հալէպէն։

Օրերս լոյս աշխարհ եկած է Կարօ եւ Զարմիկ Մաթոսեաններու զաւակը՝ Կարօ Բարսո Մաթոսեանը։

Փոքրիկն Կարօն Մաթոսեաններու ընտանիքի երկրորդ զաւակն է, ընտանիքը առջինեկը մը ունի, որ կը կոչուի Մարիա։

Հալէպէն մեզի հասած նման իւրաքանչիւր լուր արժանի է ուշադրութեան, որովհետեւ բոլոր մակարդակի խօսքերէն անդին, Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի հայութեան գոյութեան եւ բարգաւաճման իրական գրաւականը նոր սերունդներու ծաղկիլն է, նոր երեխաներու լոյս աշխարհ գալը եւ հայ ընտանիքներու աճիլը։

Ընթերցողներուն ալ տեղեկացնենք, որ մեր հայրենակից Կարօ Մաթոսեանը արհեստով արծաթագործ եւ ոսկերիչ է, իսկ տիկինը՝ Զարմիկը՝ փաստաբանուհի։

Երկար ճանապարահ կտրած է Կարօն։  Իր կեանքի կարեւոր մէկ մասը նուիրական կերպով յատկացուցած է Հալէպի ՀՄՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ ներկայիս կը վարէ Հալէպի ՀՄՄ-ի Սկաուտական Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ՝  Ընդհանուր Խմբապետի պատասխանատու պաշտօնը։

Սուրիան եւ Հալէպը, հակառակ ամէն տեսակի բարդութիւններու, կը շարունակեն մնալ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան բաբախուն երակներէն եւ ի զուր չէ անշուշտ, որ տարբեր առիթներով եւ ամենատարբեր անձնաւորութիւններու կողմէ Հալէպը համարուած է Մայր Գաղութ։

Այս առթիւ ալ մեր բարեմաղթութիւնները կը յղենք Մայր Գաղութին մէջ ապրող, բարգաւաճող Մաթոսեաններու երիտասարդ ընտանիքին՝ մաղթելով անոնց առողջ, խաղաղ եւ երջանիկ օրեր, իսկ փոքրիկն Կարօ-Բարսոյին  ալ՝ անխափան ընթացք եւ կապոյտ ու ապահով երկինք։