Գնալը կղզիի «Հինա» արուեստանոցին մէջ, օրերս, «Բեմերէ ներս փոշոտած յիշատակներս» կարգախօսով հրապարակային զրոյց տեղի ունեցած է բեմադրիչ, բեմագիր, լրագրող, թատերագիր Պերճուհի Պէրպէրեանի հետ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Կիրակի, 13 Յուլիսի գիշերը, Գնալը կղզիի «Հինա» արուեստանոցին մէջ կրկնուեցաւ բեմադրիչ, բեմագիր, լրագրող, թատերագիր Պերճուհի Պէրպէրեանի «Ուզես լա՛ց, ուզես խնդա՛» ընդհանուր խորագրի ներքեւ, «Բեմերէ ներս փոշոտած յիշատակներս» կարգախօսով հրապարակային զրոյցը։ Մարմարա-ի անունով կը մասնակցէր մեր նախկին փոխխմբագիր Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեան։
Արուեստանոցը կը յորդէր բազմութեամբ։ Շատեր տեղի չգոյութեան պատճառով ետ վերադարձան։ Զրուցավարն էր Տույկու Տալեանօղլու։ Յիշատակները վերակենդանացնելու պաշտօնը ստանձնեցին Առլէթ Եահնիեան-Մէնշուրօղլու եւ Սերտա Ասլան։ Պերճուհի Պէրպէրեան հիասքանչ ապրումներով վերյիշեց իր փորձառութիւնները թատերական կեանքէ ներս, ներկաները մագնիսացնելով եւ զանոնք փոխադրելով բեմարուեստի ոլորտները։ Յիշեց բեմի նշանաւոր վարպետ իր ողբացեալ ամուսինը՝ Արթօ Պէրպէրեանը, որու մականին տակ Պոլսահայ բեմը յաջողութեան բարձունքներ ճախրեց՝ անմահութեան պսակով։
Աւարտին, Պերճուհի Պէրպէրեան իր գիրքը ստորագրեց փափաքողներուն։