image

Հռիփսիմէ Յունանեանն ընտրուած է ԱԺ առողջապահական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ

Հռիփսիմէ Յունանեանն ընտրուած է ԱԺ առողջապահական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ

Ազգային Ժողովի առողջապահական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հռիփսիմէ Յունանեանը:

Յունանեանն ընտրուած է փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով:

Ազգային Ժողովի 107 պատգամաւորներէն քուէարկութեան մասնակցած է 61–ը, որոնք բոլորն ալ կողմ քուէարկած են Յունանեանի թեկնածութեան:

Հռիփիմէ Յունանեանի թեկնածութիւնը ներկայացուցած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը: