image

Ատրպէյճանը բարիդրացիական քաղաքականութիւն կը վարէ ինչպէս Ռուսիոյ, այնպէս ալ Իրանի հետ. Մուսթաֆաեւ

Ատրպէյճանը բարիդրացիական քաղաքականութիւն կը վարէ ինչպէս Ռուսիոյ, այնպէս ալ Իրանի հետ. Մուսթաֆաեւ

Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը միակ երկիրն է, որ ցամաքային սահման ունի ինչպէս Իրանի, այնպէս ալ Ռուսիոյ հետ:

Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւը:

«Այս աշխարհագրական դիրքը թոյլ կու տայ Ատրպէյճանին զարգացնել յարաբերութիւնները ինչպէս Ռուսիոյ, այնպէս ալ Իրանի հետ։ Ատրպէյճանը բարիդրացիական քաղաքականութիւն կը վարէ ինչպէս Ռուսիոյ Դաշնութեան, այնպէս ալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ։

Այդ յարաբերութիւնները բազմակողմ են եւ լայնածաւալ»,-նշած է ան: