Խմբագրութեանս հասած թղթակցութիւնէն վերահասու կը դառնանք, թէ օրերս Գանատայի հայաշատ օճախ հանդիսացող Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած է Թորոնթօ. Հ.Օ.Մ.-ի կրթական 47-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացումը։
Ստորեւ առաքուած թղթակցութիւնը՝
Ուրբաթ 12 Սեպտ. 2025ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Հ.Օ.Մ.-ի Ամենօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը եկեղեցի յաճախեցին, ընկերակցութեամբ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, կրթական մարմնին, Հայ Կեդրոնի պատասխանատու մարմնին, Հ.Օ.Մ.-ի շրջանային եւ Ռուբինա մասնաճիւղի վարչութեանց. ներկայ էին նաեւ, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տէր Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Հայկ Քհնյ. Շահինեան եւ Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատ. Զոհրապ Սարգիսեան:
Աշակերտութիւնը դիմաւորուեցաւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի կողմէ:
Տէր Հայրը, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյս Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբին եւ Հոգաբարձութեան՝ շնորհաւորական եւ բարի վերամուտի մաղթանք արտասանեց, հեզասահ ընթացք մաղթեց տնօրէնութեան ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան:
Ապա խօսք առին դպրոցի տնօրէն՝ Պրն. Ռաֆֆի Սարգիսեան եւ կրթական մարմնի ատենապետ՝ Տիար Վազրիկ Շարապխանեան: Աւարտին, ներկայ հոգեւորականները փակման աղօթք կատարեցին: