Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ անդրադարձ ունեցաւ միջազգային, տարածաշրջանային եւ հայկական իմաստով:
Բնականաբար ոչ ոք կրնայ խաղաղութեան դէմ ըլլալ: Ոչ ոք կրնայ խաղաղութեան ձգտումի ճիգերն ու արդիւնքները նսեմացնել:
Բնական է, որ, ինչպէս ամէն համաձայնագիրի պարագային, վերապահութիւններ եւ աւելի լաւ ձեռքբերումներու փափաքներ ըլլան:
Օրակարգեր, որոնք, չենք ալ գիտեր, ոմանց համար մանրամասնութիւններ են, ուրիշներու համար` շատ կարեւոր: Սակայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ ի՛նչ է ընթացքը, տողատակի ի՛նչ պահած է համաձայնագիրը` ձգտումներուն ու ծրագիրներուն վերաբերող, սակայն քննելու, հասկնալու, բացատրելու եւ բացատրուելու բնական եւ հեզասահ ձեւը առողջ, խաղաղ, հանդարտ եւ արժանավայել քննարկումներն են:
Ուրեմն քննարկումը անհրաժեշտ է, յառաջիկայի քայլերն ալ աւելի կարեւոր են, սակայն ո՞վ պիտի իրականացնէ ներքին խաղաղութեան համաձայնագիրը:
Բնականաբար միջնորդի կարիք պէտք չէ ունենանք: Մեր պատմութեան այս փուլին պէտք է միջոցները գտնենք ներքին խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կամ աւելի ճիշդ` համաձայնութեան մը եզրայանգման:
Ո՞վ է արգիլողը, ինչո՞ւ չենք կրնար այս մէկն ալ իրագործել: Թշնամիին հետ երբ կրնաս համաձայնիլ, ներքինը պէտք է աւելի դիւրին եւ հեզասահ ըլլայ: Սակայն զգո՛ւշ, խաղաղութիւն արտաքին եւ ներքին, ո՛չ ի գին իրաւունքներու, ո՛չ ի գին ազգային արժէքներու:
Բարդոյթներ, վիրաւորանքներ, նախատինքներ, աթոռարշաւներ, եսը մանաւանդ… Անանձնական ըլլալու պահն է, որպէսզի թօթափենք այս բոլորը եւ քայլ պահենք արագընթաց փոփոխութիւններուն հետ եւ ոտքի տակ չերթանք: Հայրենիքը մնայ: Անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանուին եւ Հայաստան-սփիւռք կապը վերականգնի, կամուրջները միանան եւ նոր յոյս ու լոյս տանք մեր ազգին:
Ենթակայական բաղձանքներ չեն գրածներս: Կամք է փնտռածս: Կամք` յանուն հայրենիքի գոյութեան: Կամք` հանդուրժողութեան եւ կամք` բոլորը մասնակից դարձնելու:
Վերջապէս, ամէն բան մնայուն չէ, միայն հայրենիքը մնայուն է: Անձերով չէ, որ պէտք է մեր կապուածութիւնը պայմանաւորենք հայրենիքին:
Կը հաւատամ, որ բոլորս ընելիք ունինք, որպէսզի ներքին խաղաղութիւնը իրականացուի, իսկ ասոր համար կամք դրսեւորելը անյետաձգելի պահանջ է:
Լուծումը կը սկսի ազգային առողջ ուժերու համատեղումով, համագործակցութեամբ` արմատական փոփոխութիւններով իրական եւ ոչ կեղծ ներքին-արտաքին խաղաղութիւն հաստատելով:
Յակոբ Լատոյեան
«Ազդակ»