Հալէպի մէջ, օրերս, նախաձեռնութեամբ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, բացումը կատարուած է նորաստեղծ Երիտասարդաց Վերականգնումի Կեդրոնին։
Կեդրոնի ստեղծման ծրագիրը իրականացուած է Kerk in Actie-ի ներդրումով եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (MECC)-ի կազմակերպութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Կիրակի, 5 Հոկտեմբեր 2025-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի նախաձեռնութեամբ, Kerk in Actie-ի ներդրումով եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (MECC)-ի կազմակերպութեամբ նորաստեղծ Երիտասարդաց Վերականգնումի Կեդրոնի բացումը տեղի ունեցաւ, Հալէպ Գոլէճ Աղջկանց Բաժինէն ներս։
Սոյն բացումին ներկայ էին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ Ք.Ջ. երիտասարդներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկ. Լուսին Ապաճեան-Չիլաբոշեան։ Ան ողջունեց ներկաները եւ յիշեց հաւաքին նպատակը։
Այնուհետեւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Ան յայտնեց, որ կեդրոնը կը գործէ նպատակ ունենալով տրամադրելու անվտանգ եւ աջակցող միջավայր, ուր երիտասարդները պիտի կարենան զարգացնել նոր հմտութիւններ, ստանալ հոգեբանական եւ մասնագիտական աջակցութիւն եւ քայլ առ քայլ կառուցել իրենց կեանքի նոր ուղին։
Վերապատուելին աւելցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ կարեւոր եւ գործնական քայլ մը՝ աջակցելու երիտասարդներուն իրենց մարտահրաւէրներուն մէջ եւ նպաստելու անոնց ներուժի բացայայտումին։
Այնուհետեւ շնորհակալական աղօթք մատուց Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան։
Կեդրոնի անուանումը կրող սալիկի վարագոյրի բացումէն ետք ներկաները շրջեցան կեդրոնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։