image

Ֆիլմերու աշխարհը եւ մեր… «խոստովանանք»ը

Ֆիլմերու աշխարհը եւ մեր… «խոստովանանք»ը

Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սագօ Գասապեան կը գրէ՝ 

Ֆիլմեր կան, որոնք բազմաթիւ անգամներ դիտած ենք, եւ ե՛րբ որ պատահաբար դիմացնիս ելլեն, կը նստինք եւ դարձեալ կը դիտենք, ինչպէս առաջին անգամ։

Անձամբ այս խումբին կը պատկանիմ, եւ երէկ, քանի մը հարեւաններով այս նիւթի ըստ էութեան քննարկման ատեն, ի յայտ եկաւ իւրաքանչիւրիս խոստովանանքը։

Իմ տուած հաշիւս մօտաւոր հետեւեալն էր.-

Brave Heart - դիտած եմ աւելի քան 50 անգամ։

The Godfather (1,2,3) - աւելի քան 80 անգամ։

Scarface - վստահ՝ 30-է աւելի անգամ։

Jasen Born (բոլոր տարբերակները) - աւելի քան 150 անգամ։

Atomic Blond - աւելի քան 20 անգամ։

The Naked Gun (բոլոր տարբերակները) - աւելի քան 80 անգամ։

Police Academy (բոլոր տարբերակները) - աւելի քան 50 անգամ։

The Sound Of Music- աւելի քան 80 անգամ։

Jesus of Nazareth - շատ, անհամար։

James Bond - գրեթէ բոլոր տարբերակները՝ աւելի քան 60 անգամ։

Die Hard - (բոլոր տարբերակները) աւելի քան 85 անգամ։

American pie - (բոլոր տարբերակները) վստահ՝ 50-էն աւելի։

The Hangover - (բոլոր տարբերակները) 70-էն աւելի։

Coming To America - մօտ 100 անգամ։

Ghost, Top Gun, Lethal Weapon - աւելի քան 60 անգամ։

Տուած թիւերուս մէջ չափազանցութիւն չըլլալը կ՚ուզէի փաստել հարեւաններուս, երբ մէջերնէն մինչ այդ ամենալուրը` Զարուկը, առանց ձայն առնելու յանկարծ հարցում մը ուղղեց.- 

- Այսքան ֆիլմեր դիտեր ես այսքան շատ անգամներ, կրնա՞յ ըլլալ որ Seven Years In Tibet-ը չե՛ս դիտած։

- Այդ ֆիլմը մէկ կամ երկու անգամ սկսած եմ դիտել, բայց չեմ կրցած մինչեւ վերջ դիտել, շա՛տ երկար է,-ըսի,- դուն դիտած կ՚ըլլաս, հարցումիդ տակ բան մը կա՛յ, Զարու՛կ։

- Ես ատ ֆիլմը դիտելու պէտք չո՛ւնմ,- ըսաւ, եւ զարմացած «ինչու»ին չըսպասած, շարունակեց.-

- Seven Years In Tibet ֆիլմին մէ՛ջն ենք։

Պատասխանը մեր հարեւան Զարուկին, եւ մանաւանդ պատասխանին նախորդող հարցումի՛ն իմաստը հարեւաններէս ոմանք հասկցան, միւսները չհասկցան, երեւի դեռ եօթը տարի պէտք ունին հասկնալու...։