Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է արմատներով Հալէպահայ բժիշկ Աւետիս Նապաթեան։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հանգուցեալի մանկութեան ընկերներէն՝ Տիար Աւետիս (Աւօ) Պագգալեանի գրառումը։
Միայն օրեր առաջ վերահասու եղայ մեր սիրելի ընկերոջ առողջապահական անհանգիստ եւ վտանգաւոր վիճակի մասին: Բնականաբար, միակ միջոցը զոր կրնայի հանգստացնել իմ անհանգստութիւնս եւ մտահոգութիւնս՝ եղաւ աղօթելը: Մեծ յոյս ունէի, որ Տէրը պիտի լսէ աղաչանքս եւ մեր երանելի Աւօն պիտի ողջ առողջ վերադառնար իր տունը: Երանելի Աւետիսին մահուան գոյժը անհաւատալի թուաց եւ դարձեալ եկանք այդ իրականութեան դիմաց որ կը վկայէ. «Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ»: Երանելի կոչումը կու տամ համոզուած ըլլալով, որ հանգուցեալ Աւետիսի հոգին հիմա մէկ տեղ կրնայ ըլլալ՝ այդ ալ Տիրոջ փառքին մէջ: Մեր բոլորին կողմէ սիրուած աննման մարդը, հաւատարիմ ընկերը, զոհաբերող զաւակը, հոգատար հայրը եւ օրինակելի անձնաւորութիւնը՝ Աւետիսը իր այս երկրաւոր կեանքէն հրաժեշտ տալով մեծ ցաւ յառաջացուց մեզմէ իւրաքանչիւրի սրտին եւ մտքին մէջ: Աւօն սովորական անձ մը չէր. Ան յատուկ էր իր դրական նկարագրով եւ քաջ կեցուածքով: Ան մեծ սիրտ ունէր եւ սիրով կ'ընդառաջէր ամէն ինչ: Ան միշտ բարիի ջատագովն էր եւ կը հաւատար որ բարին միշտ կը գերազանցէ: Մարդկանց հանդէպ իր տածած յարգանքը եւ ժպիտը դարման կը հանդիսանար շատ մը մարդկանց հոգնած հոգիներուն: Կը սիրէր կատակելը եւ ուրախութեան կարեւորութիւնը գիտէր: Սիրելի վաղեմի ընկեր ես շնորհակալ եմ Աստուծոյ որ առիթը տուաւ ինծի որ մօտէն ծանօթանամ եւ վայլեմ քու հաճելի ներկայութիւնդ ուր մենք միատեղ ապրեցանք գեղեցիկ յիշատակներ. Հիմա միայն մեր Քրէստոնէական հաւատքով կը մխիթարեմ ինքզինքս հաւատալով որ քու բարի հոգիդ Երկինքի լոյսերու մէջ է:
Այս տխուր առթիւ իմ եւ ընտանիքիս անունով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը փոխանցեմ հանգուցեալի տիկնոջ՝ Անժիկին եւ հանգուցեալի զաւակներուն ու բոլոր հարազատներուն, խնդրելով Աստուծմէ որ Սուրբ հոգիիով մխիթարէ անոնց հոգիները եւ երկար կեանք պարգեւէ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: