Կազայի մէջ պէտք է պահպանուի հրադադարի ռեժիմը։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ Եգիպտոսէն վերադառնալու ժամանակ օդանաւին մէջ պատասխանելով տեղի լրատուամիջոցներու հարցերուն։
Ան նշած է, որ ամենակարեւորը Կազայի մէջ հրադադարի ռեժիմի կայունութիւնն է եւ խախտումներու բացակայութիւնը:
«Իսրայէլի անցեալի հրադադարի փորձը կը պահանջէ զգուշութիւն եւ հոգատարութիւն։ Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ այլ երկիրներ վճռականօրէն կ՚աջակցին հրադադարի ռեժիմի պահպանման, եւ Իսրայէլի մէջ գիտեն, որ իրավիճակի սրման պարագային լուրջ հետեւանքներ պիտի ըլլան: Նախապէս շատ համաձայնագրեր կը մնային միայն թուղթի վրայ, բայց այժմ կայ աւելի ուժեղ եւ միասնական կամք»,-ընդգծած է Էրտողանը։