image
Հրատապ լուրեր:

Մենք չենք ընդունիր Ատրպէյճանի նախապայմանը. Միրզոյեան

Մենք չենք ընդունիր Ատրպէյճանի նախապայմանը. Միրզոյեան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւէ, որեւէ երրորդ կողմի առջեւ չէ ստանձնած եւ պիտի չստանձնէ պարտաւորութիւն՝ փոխելու Սահմանադրութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վալթոնենի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ:

«Սահմանադրութեան վերաբերեալ Ադրբեջանի հետ փոխհամաձայնեցուած օրակարգի հարց գոյութիւն չունի մեր քննարկումներում: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան, եւ կամ նոր Սահմանադրութեան ընդունելու հարցը բացառապէս ներքաղաքական օրակարգի եւ մեր ժողովրդի որոշելիքի հարցն է»,-ըսած է նախարարը:

Միրզոյեանի խօսքով` Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցն այժմ Ատրպէյճանի միակ նախապայմանն է, որ Հայաստանը չընդունիր:

«Ադրբեջանը շարունակում է նախապայման դնել Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը՝ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու համար: Մենք այս նախապայմանը չենք ընդունում»,-ըսած է Միրզոյեանը: