image

Գուզկունճուքի մէջ զրոյց՝ գինեգէտ՝  Լեւոն Պաղըշի հետ

Գուզկունճուքի մէջ զրոյց՝ գինեգէտ՝  Լեւոն Պաղըշի հետ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը շարունակելով «Մշակոյթի ու արուեստի զրոյցներ» շարքը, օրերս, հիւրընկալած էր գինիի մասնագէտ Լեւոն Պաղըշ, որ զրոյցի ծիրէն ներս ներկայացուցած էր սեղանի մշակոյթն ու գինիի նրբութիւնները։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը կը շարունակէ «Մշակոյթի ու արուեստի զրոյցներ» շարքը, որու ծիրէն ներս, անցեալ Շաբաթ, 15 Մարտին, օրուայ հիւրն էր գինիի համտեսող, գինիի մասնագէտ Լեւոն Պաղըշ։ 

Բացման խօսքը արտասանեց Թաղային Խորհուրդի Բ. Ատենապետուհի Գարին Ըշըքճը, որ արտայայտուեցաւ այս հանդիպումներու նպատակի ու նախապէս իրականացած ծրագիրներու մասին։ 

Զրուցավար Պերքէն Տէօնէր հետաքրքրական հարցումներ ուղղեց հիւրին, քննարկելով սեղանի մշակոյթն ու գինիի նրբութիւնները։ Լեւոն Պաղըշ իր գիտելիքներով ու փորձառութեամբ, մանրամասնութիւններ փոխանցեց, ընդգծելով որ գինին ո՛չ միայն ոգելից ըմպելի է, այլ նաեւ մշակոյթի ու պատմութեան կրող։

Զրոյցի աւարտին, Ատենապետ Մասիս Գույումճու շնորհակալագիր մը յանձնեց յարգելի հիւրին։ Ներկաները շատ գոհ էին հանդիպումէն, ըսին որ այս օրը կը մնար որպէս սեղանի մշակոյթի ու միասին ըլլալու արժէքի հրաշալի յիշողութիւն մը։