image

Մեծն Բրիտանիա հանեց «Զէնքի ամպարկո»ն Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն

Մեծն Բրիտանիա հանեց «Զէնքի ամպարկո»ն Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն

Մեծն Բրիտանիան պաշտօնապէս չեղարկած է 1992-ին ԵԱՀԿ-ի շրջածիրէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ սահմանուած զէնքի արգելքը։ Այս մասին կը յայտնէ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի կայքը՝ յղում կատարելով Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Սթիւըն Տաութիի գրային յայտարարութեան։

Նախարարի խօսքով՝ որոշումը ընդունուած է օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ, նախագահներ Տանըլտ Թրամփի, Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ կայացած եռակողմ գագաթնաժողովէն ետք՝  Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ արձանագրուած նշանակալի առաջընթացի կապակցութեամբ։

Տաութին ընդգծած է, որ Լոնտոնը կը բարձրացնէ իր յարաբերութիւններու մակարդակը երկու երկիրներու հետ՝ հասցնելով այն ռազմավարական գործընկերութեան՝ առեւտուրի, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ։

«Հաշուի առնելով ձեռք բերուած առաջընթացը՝ մենք կը կարծենք, որ 1992-ի ԵԱՀԿ-ի շրջածիրէն ներս սահմանուած զէնքի արգելքը այլեւս արդիական չէ։ Մեծն Բրիտանիան ամբողջովին կը վերացնէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարման սահմանափակումները։ Այս քայլը կը նպաստէ անվտանգութեան ոլորտի համագործակցութեան ամրապնդմանն ու այդ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան», -նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Միաժամանակ, բրիտանական կողմը պարզաբանած է, որ զէնքի արտահանման արտօնագիրները պիտի քննարկուին առանձին՝ խստօրէն վերահսկուող չափանիշերու հիման վրայ։