Տաւոսի մէջ շարունակուող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը հանդիպած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Ըստ ՀՀ կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է Լիբանանի հետ ամուր եւ բարեկամական յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու եւ ընդլայնելու հարցով: Վարչապետները կարեւորած են Լիբանանի հայ համայնքի դերը երկու երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան եւ ամուր կապերու առկայութեան տեսանկիւնէն: