Ուքրանիան ջակցութիւն ունին Փութինի մերձաւոր շրջապատէն՝ պատերազմը դադրեցնելու հարցով, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Տիզելային վառելիքի ճգնաժամը կը խորանայ, եւ այդ արդարացի պատասխան է Փութինի՝ այս պատերազմը դադրեցնելու անկարողութեան։ Մենք առաջարկներ ներկայացուցած ենք, թէ ինչպէս կարելի է մօտենալ խաղաղութեան։ Աջակցութիւն ունինք ոչ միայն մեր գործընկերներէն, այլ նաեւ Փութինի մերձաւոր շրջանակներէն։ Անոնք կը հասկնան, թէ ինչ կը կատարուի եւ որ խաղաղութեան այլընտրանք չկայ։ Այս գիտակցութիւնը Ռուսիոյ մէջ միայն պիտի ամրապնդուի»,– ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը։