image

Լիբանանի մէջ 20 հազար ընտանիք կրնայ անգործ մնալ. Թռչնաբուծութեան ոլորտը վտանգուած

Լիբանանի մէջ  20 հազար  ընտանիք  կրնայ  անգործ մնալ. Թռչնաբուծութեան ոլորտը վտանգուած

Լիբանանի սուր տագնապը ընդգրկած է նաեւ թռչնաբուծութեան ոլորտը: Օրեր առաջ, թռչնաբուծութեան սենտիքան յայտարարութիւն տարածած է, ուր  կոչ ուղած է փրկելու այս ոլորտը անխուսափելի աղէտէ, որ կրնայ տեղի ունենալ եթէ բաւարար վառելանիւթ չհայթաթուի հողագործներուն, հոգալու բուծական կեդրոններուն կարիքները: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ lebanon24 կայքէն:

Աղբիւրը նշած է թէ սենտիքան զգուշացուցած է, որ միլիոնաւոր թռչուններ մատնուած են սատակ դառնալու սաստիկ տաքի պատճառաւ, որովհետեւ վառելանիւթ չապահովուելու պարագային, որով գործի կը մղուին ելեկտրածին շարժակները, վերջիններս պիտի դադրին աշխատելէ, հետեւաբար եւ պիտի կենան բուծարաններու օդափոխիչները, կերն ու ջուրը մատակարարող սարքերը: «Վիճակը անտանելի է, միայն ժամեր մնացած են աղէտին» ըսուած է յայտարարութեան մէջ, ուր պահանջուած է պատասխանատու մարմիններէն անմիջապէս գործի անցնիլ եւ հասցնել պէտք եղած վառելանիւթը բոլոր շրջաններու բուծական կեդրոններուն:

Ի դէպ, սենտիքան շեշտած է, թէ այս ոլորտը շատ կենսունակ դեր ունի Լիբանանի սննդային անվտանգութեան մէջ, որովհետեւ ներկայիս, լիբանանցիներուն համար,  թռչուններու միսը կը համարուի սպիտակուցներու (Protein) միակ աղբիւրը: Ան նշած է նաեւ թէ այս ոլորտը աշխատատեղի կ'ընձեռէ աւելի քան 20000 ընտանիքի: