image

Լիբանան. դանակը ոսկորին է ու կը սղոցէ վայրենաբար

Լիբանան. դանակը ոսկորին է ու կը սղոցէ վայրենաբար

Վարդան Թաշճեան


Լիբանան. դանակը ոսկորին է ու կը սղոցէ վայրենաբար, արիւն, ջիղ ու ոսկրաբեկորներ շպրտելով մարդոց երեսին: Քիչ առաջ բարեկամ մը կը հարցնէր` ինչու՞ ժողովուրդը ոտքի չ'ելլեր, զանգուածաբար չ'ըմբոստանար:  Շատեր կը կարծեն, որ ատոր պատճառը համայնքային բաժանումն է կամ ներքին քաղաքական բեւեռացումները: Ես այդպէս չեմ տեսներ:

Հիմնական պատճառը այն է, որ փողոց դուրս եկողը մեռնիլը աչք պէտք է առնէ` բանակի, ոստիկանութեան կամ կազմակերպուած սադրիչ խմբակներու կրակոցներուն տակ: Ատոր համար ալ փողոց դուրս եկողները քիչ են:

Ներկայ (ու շատ հինէն եկող) պայմաններուն մէջ, երբ ոստիկանութեան կամ բանակի որեւէ գործողութիւն ենթակայ չէ վերահսկման կամ պատասխանատուութեան, անկարելի է որ մարդիկ իրենց կիներով, ծերերով եւ փոքրերով փողոց իջնեն. իսկ այնքան ատեն, որ նման բան չի պատահիր, ժողովրդային շարժում կամ ըմբոստութիւն չի կրնար տեղի ունենալ:

Առ այսօր, եւ այդ պայմաններուն բերումով, պետական մարմիններուն համար դիւրին եղաւ փոքրաթիւ ըմբոստութիւնները ճնշել եւ կացութիւնը պահել իրենց ուզածով: Ե՞լքը: բանակը եւ ներքին զօրքերը «հաւաքագրել» ըմբոստներու շարքին կամ ալ ապահովել անոնց չեզոքութիւնը կամ անգործութիւնը` փողոցին մէջ:

Այդ պարագային մեռնիլը աչք առնելով փողոց իջնելը գոնէ յաջողութեան կամ որոշակի արդիւնքներու հասնելու հեռանկարէն զուրկ բան մը պիտի չթուի շատերուն: