image

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Լիբանան պիտի այցելէ. Ան ընդունած է Սաատ Հարիրիի հրաւէրը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Լիբանան պիտի այցելէ. Ան ընդունած է Սաատ Հարիրիի հրաւէրը

Տաւոսի մէջ շարունակուող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը հանդիպած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Ըստ ՀՀ կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան, վարչապետ Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է Լիբանանի հետ  ամուր եւ բարեկամական յարաբերութիւնները  առաւել խորացնելու եւ ընդլայնելու հարցով: Վարչապետները կարեւորած են Լիբանանի հայ համայնքի դերը երկու երկիրներու միջեւ փոխգործակցութեան եւ ամուր կապերու առկայութեան տեսանկիւնէն: